ՍԱՐԷՆ-ՁՈՐԷՆ. Իշխան, Էօշկ եւ Խախու տաճարներն ու Բանակի փլատակները

Պարխար եւ Չորդվան պազիլիքի տաճարներու մասին արտայայտուած էինք մեր նախորդ ՙՍարէն-Ձորէն՚ի մէջ՝ խոստանալով, որ կը շարունակենք Իշխան, Էօշկ եւ Խախուով:

Ուրեմն, Եուսուֆէլիէն մեկնելով ու հետեւելով Ճորոխ գետի հոսանքին՝ կը շարունակենք մեր ճամբան, աւելի վերջ լիճի վերածուող Թորթումի գետի ափէն` հոսանքն ի վեր: Այս շրջանի ճանապարհները, բացի լեռ բարձրացողներէն, անպայման կ’անցնին ջրառատ գետերու` Պարխարի, Ճորոխի, Մուրկուլի կամ Թորթումի բացած խոր ձորերէն:

Իշխան

 Դէպի ՙՕլուր՚ տանող ճամբէն եւ Մուրկուլ գետակէն կը բաժնուինք դէպի ձախ, դէպի Իշխանցի Ներսէսի ծննդավայր գիւղը` Իշխան: Տեսնենք թէ ի՞նչ կ’ըսէ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան անոր մասին:

ՙԻշխանաց գիւղը կը գտնուի Թավուսկեար վիճակի մէջ, որ կը թարգմանի Տայոց դուռն: Յայտնի է որ հին ժամանակներ ազնուական բնակիչներ ունեցեր է գիւղը, վկայ է այս նկարազարդ եկեղեցին, դեղին քարերով շինուած, չորս բարձր սիւներու վրայ ամուր նստած գմբէթով:՚

***

Այս շրջանի երեք մեծ եկեղեցիներ` Իշխանն, Էօշկն ու Խախուն իրենց մեծութեամբն ու յատակագծերով նման են իրարու: Նման են նաեւ իրենց օտարալեզու արձանագրութիւնները, որոնք չափազանցուած թուեցան մեզ, կարծես ամէն եկող պարապ գտած որմի վրայ բաներ մը գրած ըլլար իբրեւ յիշատակ, այն ալ եկեղեցւոյն քանդակներուն ու նախշերուն չհամապատասխանող ոճով եւ կարմիր ներկով, այլ ոչ թէ փորագրուած կամ քանդակուած: Կը կարծենք, թէ հայերէն արձանագրութիւններու չգոյութիւնը Մխիթարեան Հայրեր Ներսէս Վրդ. Սարգիսեանի, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Հ. Սարգիս Էփրիկեանի՝ վերոյիշեալները վրացական տաճարներ կարծել տուած են կամ ալ յստակ չարտայայտուելու պատճառ դարձած այս եկեղեցիներուն հայկականութեան մասին: Մինչդեռ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար խորհիլ որ Է դարուն՝ Ներսէս Իշխանցիի դեռ եպիսկոպոս եղած ժամանակ, հայաբնակ, հայախօս եւ դեռ հայոց իշխանութեան տակ եղող տեղ մը կառուցուած այս հսկայ եկեղեցին վրացիներ շինած ըլլան: Չմոռնանք, որ Մխիթարեան Հայրեր Ալիշանն ու Էփրիկեան իրենց ուսումնասիրութիւնները պատրաստած են՝ օգտուելով Վենետիկի սքանչելի գրադարանէն եւ իրենց ձեռքին տակ ունեցած են հարուստ ատաղձ, միայն թէ երբեք չեն եկած արեւելք, բայց եւ այնպէս իրենց ճշգրիտ բացատրութիւններն ու տեղադրութիւնները հազիւ թէ ականատես մը կարենար ընել:

***

Ներսէս Գ Շինող իր հայրենիքէն ներս շատ եկեղեցիներ կառուցած է: Ան իր կառուցած հաւանաբար առաջին գլուխգործոց եկեղեցիին եպիսկոպոսն ու թեմի առաջնորդը եղեր է դեռ Հայոց Կաթողիկոս չդարձած (641թ.)…: Է  դարու Ա կէսին կառուցուած Իշխան տաճարը պարբերական նորոգումներով մեզի հասած է ու Թ-ԺԱ դարերու ընթացքին կրած է արտաքին երեսապատման զգալի փոփոխութիւններ:

Տիրան Մարութեան, ուսումնասիրելով տաճարի շինանիւթը, քարերու մեծութիւնները, շաղախի ու շինութեան նմանութիւնները եւ ԺԱ դարու կարծեցեալ մասերուն պատերու հաստութիւնը (որը աւելի ուշ շրջանի արտաքին երեսապատումը ցոյց կու տայ), կ’եզրակացնէ, թէ Ներսէս եպիսկոպոսը Է դարու երեսնական թուականներուն Իշխան գիւղը կառուցած է ոչ թէ զուարթնոցատիպ բոլորաձեւ տաճար, այլ թէ ներսէն եւ թէ դուրսէն խաչաձեւ յատակագծով տաճար՝ այն տարբերութեամբ, որ արեւելեան խորանի խուլ պատը փոխարինած է սիւնակամարաշարով, ու այս նորոյթը Ներսէս Գ-ի առաջին քայլը եղած ըլլալու է ստեղծելու բոլորովին նոր կոմպոզիցիոն` Զուարթնոցը:

Իսկ Իշխանը իր ամբողջութեամբ անդրադարձումը գտած է Էօշկի եւ Խախուի տաճարներով:

Այժմ տեսնենք Մարութեան ին՞չ կ’ըսէ այս շրջանի բնակչութեան հաւատքի մասին՝ օգտուելով վրաց աղբիւրներէ:

Թ եւ նոյնիսկ Ժ դարուն վրաց վանականները Տայքը եւ Կղարջը շրջապատուած էին թէպէտեւ նոյն հաւատքը ունեցող, սակայն այլազգի` հայ բնակչութամբ:

Իհարկէ Խորագոյն-Հայքի ազգաբնակչութեան միայն մէկ մասն էր Քաղկեդոնական (գլխաւորապէս վերնախաւը), միւս մասը լուսաւորչական էր, մնաց որ վերոյիշեալ վրաց վանականներուն ալ Քաղկեդոնական հայեր ըլլալը պատմական տուեալներով հիմնաւորուած է:

Էօշկ

 Խօսքը տանք Ալիշանի եւ տեսնենք ի՞նչ կ’ըսէ Էօշկի տաճարի մասին:

ՙԱյս հոյակապ եկեղեցին իր ահագին մեծութեամբ, շուրջի հիւղակներով ու անմիջապէս դրացի նորակառոյց մզկիթով, աւելի խոր կը տպաւորէ մեզ, որուն թեւէ թեւ չափերն են` 34 եւ 22 մեթր: Չորս մեծամեծ բոլորաձեւ սիւները յատակէն բարձրացեալ կը վերցնեն շրջաբոլոր գմբէթը, որը նախապէս կոնաձեւ պէտք է ըլլար, բայց հնութեամբ փլեր է եւ նորոգող վարպէտը այնպէս անշնորհք ծածկոյթ մըն է տուեր շնորհալի գլխոյն:

Էօշկի եկեղեցիին հարաւային կողմը ուղղանկիւն սպիտակ քարերու վրայ քանդակուած լայնազգեստ հինգ մարդիկ կ’երեւին, որոնք եկեղեցին շինողները ըլլալու են, վասնզի անոր մաքէթն ալ ձեռքերնին է՚:

Այս հինգ քարերէն մէկը դեռ եօթանասունական տարիներուն իր ագուցուած տեղէն ինկած էր գետին եւ հոն իբրեւ սանդխամատ կը ծառայեն ներս մտնել ուզողներուն: Այն օրերուն բողոքած էինք, որ ՙփոխանակ կոխելու քանդակի դէմքին, գոնէ քարը շրջէիք՚: Տարիներ վերջ այդ քարը տեսած էինք կանգնեցուած ու պատին կռթնած վիճակով եւ ուրախացած: Այս այցելութեան նկատեցինք, որ երկրորդ քանդակ մըն ալ ինկեր էր, եւ երկուքը մէկէն անյայտացեր էին: Պատասխանատուն լաւ չէր գիտեր թէ ուր են, բայց ըսաւ, որ պետութիւնը անշուշտ հարկ եղածը կը տնօրինէր, եւ քանդակները հաւանաբար թանգարան մը տարուած կ’ըլլային…:

 ***

 Խորգոյն Հայքի Քաղկեդոնական համայնքի հիմնական եկեղեցին ըլլալուն պատճառաւ, ինչպէս ուրիշ Հայ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու, Էօշկի մէջ ալ պաշտօնական արարողութիւնները կը կատարուէին ոչ-հայերէն, որով կարելի է բացատրել պատերուն վրայի գերազանցապէս կարմիր ներկով արձանագրութեանց ոչ-հայերէն ըլլալը: Այս յուշարձանը միշտ կրած է Էօշկ, Էօշկվանք կամ ուղղակի Վանք հայկական անունը, կառուցուած ժամանակէն երբ շրջապատուած էր հայ բնակչութեամբ՝ մինչեւ ԺԹ դարու կէսերուն:

Խախու

Քանի մը տող ալ Խախուի մասին, որ միայն 5-6 քմ հեռաւորութիւն ունի Էօշկէն, եւ որու բնակիչներու մօտ ալ կը գործածուի հայերէն Վանք անուանումը:

Եթէ Իշխանն ու Էօշկը Տայքի Հայ Քաղկեդոնական համայնքի եկեղեցիներն են եղած, որոշ է, որ Խախուն այս շրջանի Հայ լուսաւորչականներու գլխաւոր տաճարը եղած է: Այս մասին ՙՀին Հայաստանի Ճարտարապետութիւնը՚ աշխատութեան մէջ Ն. Տոկարսկին կը յայտնէ, որ թերեւս ալ Խախու տաճարը խորագոյն Հայքի հակաքաղկեդոնական հայերու համար կառուցուած է:

Տոկարսկին զայս կը գրէ՝ հիմուելով տաճարի պատերուն ներսի կողմէն ալ արտաքինին նման սրբատաշ քարերով հիւսուած ըլլալուն, որ նկատի չէ առնուած այդ պատերը սվաղով ծածկել, ծեփել եւ սրբապատկերներ նկարել, բան մը, որ այդ շրջանի լուսաւորչականները չէին ընդունիր: Չէ՞ որ Իշխանը եւ Էօշկը այդպէս չեն. այնտեղ պատերը ներսի կողմէն այնպէս հիւսուած են, որ սվաղուելու կը կարօտին եւ յետոյ, քաղկեդոնական եկեղեցիի կանոններու համաձայն, պէտք էր ծածկուէին որմանանկարներով:

Տաճարի հարաւային դրան աջակողմը անվնաս պահպանուած է Սուրբի մը (Պետրոս առաքեալի) բարձրաքանդակը, որ ձախ թեւին կախուած ունի մեծ բանալի մը, իսկ աջ ձեռքով բռնած է չափազանց մեծ, գրեթէ մարդու հասակով հայերէն ՙԳ՚ տառը: Այս տառանիշը, բացի հայկականէն, ոչ մէկ այբուբենի մէջ կայ: Սոյն բարձրաքանդակի մասին Թաղաիշվիլին կը գրէ.  ՙ… ներկայացուած է Պետրոս առաքեալի ֆիգուրը վիթխարի բանալիով՚ առանց, սակայն, բան մը ըսելու ՙԳ՚ տառի մասին: Պետրոս առաքեալի աջ ձեռքով ցոյց տուած ՙԳ՚ տառը քրիստոնէութիւնը հայերուն մէջ տարածող Լուսաւորիչ ՙԳրիգոր՚ անուան սկզբնատառն է, եւ ինչու չենթադրել, որ հարաւային պատին կից յետագային շինուած մասերը ծածկած չըլլան այլ սրբապատկերներ՝ նոյնպէս ցուցադրած ունենալով ուրիշ տառ մը, օրինակ՝ ՙԼ՚, որ կը նշանակէր ՙԼուսաւորիչ՚ կամ ՙՏ՚, որ կը նշանակէր ՙՏրդատ՚, որն էր հայերու քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին թագաւորը:

Բարեբախտաբար չէ ծածկուեր Պետրոս առաքեալ՝ իր ցուցադրած ՙԳ՚ տառով:

 Բարեւ մը՝ Խոնարհած Բանակի տաճարին

 Դէպի Կարս ճանապարհին անցանք Օլթիէն, ուր քաղաքամէջին բացի տեղւոյն անունը կրող սեւ քարով պատրաստուած զարդեղէններու առեւտուրի կեդրոններէն եւ ՙճաղ քէպապ՚ կոչուած հորիզոնական ՙտէօնէր՚ մատուցող ճաշարաններէն, կայ նաեւ հին ռուսական փառաւոր, բայց կիսակործան եկեղեցի մը, որ մինչեւ նոր շէնքի մը կառուցուիլը օգտագործուեր է իբրեւ բանտ:

Բայց մեր ճաբուն վրայ աւելի կարեւոր կամ տեսարժան վայրը այժմ ՙՊէնէք՚ի փոխուած Պանա, Բանա կամ Բանակ կուչուած Է դարու Ներսէսաշէն բոլորաձեւ տաճարն էր, որուն եւս, տեղատարափ անձրեւներու պատճառ դարձած հեղեղատներու արգելքին հանդիպելով, չկրցանք մօտենալ եւ ստիպուեցանք հեռուէն նկարել:

Ըստ ճարտարապետական պատմագիրներու՝ Ներսէս Շինողի հանրածանօթ գործերէն կիսաբոլորակ սիւնաշար խորանով, արեւմտեան երկարած թեւով, խաչաձեւ կեդրոնագմբէթ Իշխանի Տաճարը նախափորձն է ու կը կանխէ Զուարթնոցին, որուն մասին Ի դարուն Թորոս Թորամանեանի կատարած վերլուծումներն ու վերակազմութեան վարկածները այնքան մեծ աղմուկ յարուցած էին: Իսկապէս մեծ գործ էր 1350 տարիներ առաջ բոլորաձեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցի մը երազել, մասամբ փորձել Իշխանով, կատարեալին հասցնել Զուարթնոցով եւ կնքել այդ բոլորը Բանակով, որ կիսփուլ ու խոնարհուած վիճակովը մեզ բարեւեց, երբ իր մօտէն կ’անցնէինք տամուկ աչքերով…:

(Յաջորդով` Անին Անըի վերածելու ջանքերը, կամ Քաղկեդոնականութեան վնասները եւ կամ Հոմշեցի Մոմիները մեր գլխէն անպակաս…)

Սարգիս Սերովբեան

 Ակօս

30 Յուլիսի, 2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2010
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ