Փուռի մէջ պատրաստուած շոմին

Շոմինը լաւ լուալ, քամել եւ մանր կտրտել: Տապակը լեցնել ձէթով, աւելցնել մանրուած գլուխ սոխը, շոմինը եւ տապակել 4-5 վայրկեան (րոպէ), մինչեւ որ փափկանայ: Վերցնել կրակէն, ձգել որ զովանայ:

Վերցնել 1 հատ խաշուած (կեղեւով) մաքրուած գետնախնձորը, անցընել քերիչէն, աւելցնել աղը, պղպեղը, պատրաստւած շոմինը եւ զգուշօրէն խառնել: Մածունը, ալիւրը, հաւկիթը, կաթն ու կերակուրի սոտան (Kabartma Tozu) իրար խառնել եւ աւելցնել շոմինով խառնուրդին վրայ:

Փուռը դրուող տապակի մը մէջ 2 ճաշի դգալ ձէթ լեցնել եւ վրան աւելցնել պատրաստի խճողակը: Նախապէս տաքցուած փուռին մէջ ձգել 30-35 վայրկեան (րոպէ): Հանել, մատուցել կտորներով, սխտորած մածունով: Այս ճաշին կարելի է նաեւ աղացած միս օգտագործել:

500 կ. շոմինին` 1 գլուխ սոխ, 2 ճաշի դգալ ձէթ, 1 մեծ խաշուած գետնախնձոր, ճաշի դգալ մածուն, 1 գաւաթ կաթ, 3 ճաշի դգալ ալիւր, 3 հաւկիթ, կէս թէյի դգալ սոտա, աղը, պղպեղը ըստ ճաշակի:

 Այտա Կոստանեան

Ակօս, 30.07.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ