ՕՍՄԱՆ ՊԱՅՏԷՄԻՐ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ՍՏԵՂԾԵՑ ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆ ԻՐ ԵԼՈՅԹՈՎ

Թուրքիոյ Դրօշակին Քով Քրտական Դրօշակն Ալ Կրնա՞յ Պարզուիլ

Տիյարպաքըրի Մայր Քաղաքապետ, Պէ-Տէ-փէցի Օսման Պայտէմիր, որ միշտ օրակարգի կը բերուի իր յախուռն ու անսովոր յայտարարութիւններով, այս անգամ մրցանիշ կոտրեց իր նոր յայտարարութեամբ: Պայտէմիր ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է բաժանուի ինքնավար փոքրիկ հանրապետութիւններու, այն ատեն Թուրքիոյ դրօշակին քով կը ծածանին նաեւ շրջանային դրօշակները, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Քիւրտերու դրօշակը: Խորհրդարանի մէջ ներկայացուցիչ ունեցող կուսակցութիւնները խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուին Պայտէմիրի այս անսովոր ակնկալութեան դէմ:

Փոխվարչապետ Ճէմիլ Չիչէք ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը պետական խնդիր է, եւ այս մասին պէտք չէ խօսին անոնք, որոնք խնդիրը լաւ չեն գիտեր: Այսպիսի մարդիկ ժողովուրդը փողոց կրնան իջեցնել անտեղի կերպով:

Ուրիշ քաղաքագէտներ ալ պատասխանեցին, որ Պայտէմիրին խօսքերը հաշտ չեն պետութեան միատարր ու միասնական կառոյցին հետ: Իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ասկէ ալ պատասխանատու նկատեցին Ա-Գէ-Փէն ու ըսին. «Ահա թէ Ա-Գէ-Փէ ուր հասցուց գործերը»:

Մէ-Հէ-Փէի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ այս ժողովուրդը մէկ հատ միայն դրօշակ ունի ու մէկ հատ միայն Հանրապետութիւն: Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը անջատողական մտայնութեան իրական ցոլացումն է, ըսաւ ան: Ահա թէ կառավարութեան նոր բացուածք ըսածը մինչեւ ուր գացած է ներկայիս: Ոչ մէկը պէտք է համարձակի սակարկութեան նիւթ դարձնել մեր դրօշակը: Ան յայտնեց, թէ ահաւասիկ ասոր համար է որ իրենք կ’ուզեն «ոչ» ըսել Սահմանադրական Հանրաքուէին:

Մարմարա, 02.08.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2010
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ