Դեռ մինչեւ մօտ անցեալ, մեր տարեկան արձակուրդի օրերը ունէին պարզ նշանակութիւն մը, զոր կարելի է բացատրել ՙհանգստանալ՚ բացատրութիւնով: Սակայն վերջերս արձակուրդի այն նոյն օրերը բաւական հեռու են սովորական հանգստանալու սահմաններէն: Այժմ այդ օրերը մեզ կը պարգեւեն նոր յայտնութիւններ, նոր գիւտեր, զորս կ’արժէ ընթերցողին հետ բաժնել: Կը յիշեմ 2009-ի Օգոստոսին դէպի Տէրսիմ կատարուած շրջագայութեան տպաւորութիւններու տեղի տուած հետաքրքրութիւնը: Ուրեմն, երբ կը փորձեմ մեր այս մէկ շաբաթուայ Կարս ու Համշէնի շրջապտոյտը նկարագրել, յոյս ունիմ որ ընթերցողը եւս պիտի գտնէ զինք յուզող կարգ մը յայտնութիւններ:
Նախ կ’արժէ յիշել, որ մեր տարուայ արձակուրդը մտադրած էինք կրկին Տէրսիմի շրջակայքը անցընել՝ աւելի երկար շրջելով ՙԷրկիր՚ը եւ մօտէն ճանչնալ ժողովուրդը: Որոշած էինք Տէրսիմը ընդունիլ որպէս յենակէտ եւ միօրեայ շրջագայութիւններ կատարել դէպի Երզնկայի Մեծ ու Փոքր Արմտանները, Սուշէհրիի` վերին ու վարին Ազպտերները այցելել: Բացի Օվաճըքէ ու Մազկերտէ, պիտի այցելէինք Էլազըղն ու Բալուն, նաեւ Շապին Քարահիսարը, Եւդոկիան ու Էրպաան: Աղաւնի մեծ մօրս ծննդավայրը պիտի թողէինք մի ուրիշ ծրագրի, եւ պիտի այցելէինք Մեծն Մնձուրիին, Մարգար եւ Վարդան մեծ հայրերուս եւ Արուսեակ մեծ մօրս ծնած ու ապրած վայրերը:
Երազ մը, որ շրջանցելով երկու սերունդներ, մեզի պիտի վիճակէր, չիրականացաւ: Երկու շաբաթ առաջ, նախ` թերթիս աշխատակիցներէն Համշէնի աւանդութեան ձօնուած գրութիւններով ծանօթ Մահիր Էօզքանը, ապա` մի ուրիշ սիրելի բարեկամ, Համշէնական ժողովրդական երգերու կատարող Հիքմէթ Աքչիչէքը յաջողեցան շեղել մեր որոշումը: Կ’արժէ խոստովանիլ, որ շատ ալ դժուար չեղաւ շեղման այս որոշումը, քանի որ մեր բարեկամներու մշակած ծրագիրը բաւական շահեկան էր: Համոզուեցանք, որ եթէ այժմ չօգտուինք գոյացած առիթէն, միւս անգամ դժուար կը գտնենք նման հնարաւորութիւն մը:
Յաջորդ օրերը արդարացուցին մեր այդ համոզումը: Յատկապէս` Համշէնը լաւագոյն վայելելու համար անհրաժէշտ է տեղացի ուղեցոյցի մը գոյութիւնը: Մենք ունեցանք մէկէ աւելին: Բացի Մահիրէն ու Հիքմէթէն, մեզի հետ էր նաեւ ՙԱկօս՚ի անպաշտօն աշխատակից Ատնան Կէնճը, որուն կ’ընկերանար Ուղուր Պիրեոլը, որ չէ բաւարարուած Համշէնցի ծագումով, այլ` պրպտողը եղած է այս լեռնաշխարհին զանազան յատկութիւններուն: Ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են իր իսկ հրատարակած պարբերականին` ՙՏողա Քարատէնիզ՚ի մէջ: Ան հեղինակն է նաեւ Համշէնական կարականդակներու եւ թխուածքներու ուսումնասիրութեան մը: Իր գիրքը դեռ նոր լոյս տեսած էր ՙԻլէթիշիմ՚ հրատարակչատունէն, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Չամլըհէմշինի ՙՄոյ՚ քաֆէին մէջ: Նոյն օր ընթերցողին ներկայացաւ նաեւ Ատնան Կէնչի ՙՀամշէն՚ անուն գիրքին երկրորդ տպագրութիւնը:
Եթէ հնազանդինք ժամանակագրական հերթականութեան, մեր առաջին կանգառը եղաւ Կարս քաղաքը, ուր հասանք Յուլիսի 21-ին, ինքնաթիռով:
Մեզ հետ էին անէծք ու նողկանքով Սթալինը, յոյս ու հաւատքով Շիրազը
Ափսո՛ս որ ամբողջ Կարս քաղաքն ալ հազիւ մի գիշերուայ կամ մէկ օրուայ արժէք ունէր մեր ընկալումով: Եթէ բացառենք սակաւաթիւ հին քարաշէն երկյարկանի տուները, այս քաղաքը ոչ մէկ հրապոյր պիտի ունենար մեր աչքին: Եւ այն ինչ յոռի տպաւորութիւնը, որ գոյացաւ Կարսի փողոցները շրջելով, բազմապատկուեցաւ կարսեցիներու հետ շփուելով: Մենք վերջերս կատարած մեր բոլոր շրջագայութիւններուն տպաւորուած էինք ժողովուրդի ջերմութիւնը եւ քաղաքի ձգողականութիւնը իրար կապելով: Կ’երեւի հոս ալ պիտի տարուինք ընդհակառակին՝ քաղաքացիներու անտարբերութիւնը, անհաղորդութիւնը կապելով քաղաքի մերժողականութեան:
Թէեւ պատահական չէ այս երեւոյթը, քանի Կարսը կը ներկայանայ որպէս երկրին ամենայատամնաց քաղաքներէն մին: Նմանապէս գործազրկութիւնը այս քաղաքէն ներս հասած է անընդունելի համեմատութիւններու: Եթէ նկատի չունենանք պանիրաշինութեան մանրաչափ արտադրութիւնը, քաղաքը զուրկ է արտադրութենէ: Չկայ համարուելու աստիճանի նուազ է զբօսաշրջութիւնը: Բայց մեծ է յուսադրութիւնը, որ երկինքէն մանանայ պիտի տեղայ, երբ բացուի Հայաստանի սահմանադուռը: Բայց այս ակնկալութիւնն ալ սնամէջ է, քանի դեռ օրակարգի չէ եկած սահմանի բացումը, եւ նոյնիսկ որ բացուի, այժմէն իսկ կը ծրագրուի այդ աղբիւրէն զրկել Կարսը:
Շարժավար Սէյֆօն, որ մեզ կը փութացնէր Անի, կը պատմէր այն ծրագրի մասին, որ մաքսատունը փոխադրուի Կարին: Սա կը նշանակէ, թէ Կիւմրիէն եկող ուղեւորը պիտի շրջանցէ Կարսը եւ գնացքէն դուրս պիտի գայ Էրզրում: Յայտնի է, որ այս յետամնաց քաղաքը իր արժանի յետամնացութեան մէջ պահել միտող պետական քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Կարելի չէ ներկայ իրավիճակը այլ կերպ բացատրել, քանի որ անասնապահութեամբ զբաղող այս կոմբինաթը (Էթ վէ պալըք քուրումու) սեփականացուցած է եւ սեփականատէրն ալ (Գօչ Հոլտինկ) յաջորդ օր դադրեցուցած է արտադրութիւնը:
Երեկոյեան Կարսի բացառիկ գեղեցկութիւններէն Կարս Հիւրանոցի մէջ այս մասին կը զրուցենք ՙԱկօս՚ի բարեկամներէն Իհսանի հետ, որ կու տար շահեկան տեղեկութիւններ, որոնք կը պարզէին այս տկարութեան գաղտինքները: ՙԿարսը բազմազգի քաղաք է, բայց տեղացիներ չկան հոս: Քիւրտերը մեծագոյն հատուածը կը կազմեն, շուրջ քառասուն առ հարիւրը բնակչութեան: Կան նաեւ թերեքէմէներ, ազերիներ եւլն: Մալականները ձուլուեցան ու համարեա ոչնչացան: Նմանապէս ոչնչացան գերմանացիները: Այժմ միայն գերմանացի ընտանիք մը մնացած է: Այս բոլորն ալ երկուոր են: Կարսի մէջ դժուար է հանդիպիլ ընտանիքի մը, որ հարիւր տարուայ անցեալ ունենայ այս քաղաքին մէջ՚: ՙԻնչու՞՚ները Իհսանի այս բացատրութիւններով կը գնտէին իրենց պատասխանները: Թալանուած քաղաք մըն էր Կարսը, որու բնակչութիւնը երբեք ալ նպատակ չէր ունեցած զայն զարգացնելու:
Շարժավար Սէյֆոյի պատմածներն ալ կու գային նոյն շեշտը աւելի ամրացնելու: Երբ հասանք պատմական Անի քաղաք, մօտակայ գիւղի բնակիչներուն ակնարկելով ՙայնքան ծոյլ են, որ, իրենց տուներուն ցանկապատն իսկ պետութիւնը կը կառուցէ՚ կը դժգոհէր Սէյֆոն: Միջոց մը ետք նկատեցինք, որ այս ծուլութեան բամբասանքը համատարած երեւոյթ է Կարսի մէջ: Բայց միշտ կը գտնուի ծուլութիւնը վերագրելու ՙայլ՚ մը: Մերթ այսինչ գիւղացիներն են ծոյլերը, մերթ այնինչ ասպարէզի մարդիկը, որոնց չես գիտեր ազգային պատկանելութիւնը: Նայած խօսակցին պատկանելութեան, միշտ կը գտնուի ուրիշ մը, որ մեղադրուի ծուլութեամբ:
Այս տպաւորութիւններէ ազդուած՝ հասանք Անի, ուր մեր մտքին ու շրթին կառչած մնաց անուն մը` Յոզեֆ Սթալին: Յաճախ Հովհաննէս Շիրազը հասաւ՝ վանելու Սթալինի յիշատակը, բայց ան միշտ յաղթահարեց, եւ մենք ամբողջ երկու ժամ շրջեցանք Անիի աւերակները՝ հալածելով այս վատ յիշատակը: Մայր Տաճարէն ներս չկրցաւ թափանցել Սթալինը: Հոն, մենք տարուեցանք մեր վշտերով, մեր կսկիծով, որուն բուժիչ բալասանն են Շնորհալիի տաղերը, Նարեկացիի մեղանչումը:
Բայց երբոր դուրս եկանք տաճարէն, կրկին մեր շրթերուն կառչեցան` անէծք ու նողկանքով Սթալինը, յոյս ու հաւատքով Շիրազը, եւ բոլորին հետ անէծք ընդդէմ պատմութեան, պատմական անարդարութեան սահմանը ճշդող մտքին, սահմագիծը գծող գրչին, ազգի ճակատագրին, սեւ բախտին, չար սաաթին:
Ահա ա՛յն կէտն ենք, որուն ներքեւ կ’երեւի Արփաչայի վրայ կառուցուած ու այժմ փլած կամուրջի յենարանները: Հրանդն ալ նկարուած էր այստեղ: Յետոյ այդ լուսանկարը գործածուեցաւ ՙԵրկու մօտ ժողովուրդ, երկու հարեւան երկիր՚ գիրքի կողքին վրայ:
Խօսուն է այդ նկարը, քանի որ կարելի է տարբեր իմաստներ վերագրել Հրանդ Տինքի այդ տարուած հայեացքը նկատելով. մեր օրերուն հասնելով հանդերձ` պատմութեան անարդարութիւնը ժառանգութեան մը նման իր հետ բերած ապրումներ…:
Պատմութիւնը իր արդար-անարդար հետեւանքներով միշտ մեզի հետ էր՝ սկսելով Կարսէն, մինչեւ Տրապիզոն: Այս բացառիկ ապրումներու մասին մեր գրութիւնը պիտի շարունակուի յաջորդով:
Բագրատ Էսդուգեան
Ակօս, թիվ 748,
30 Յուլիս, 2010



Leave a Reply