Պարհալ տաճարը
Ազգային արժէքներու պահպանման ու պաշտպանման դժուար ու վտանգաւոր օրերուն, սովետական շրջանին ապրած եւ գործած, մեր պատմական յուշարձաններուն տէր կանգնող, նախանձախնդիր գիտնական մըն էր լուսահոգի մեր ճարտարապետ բարեկամը` Փրոֆ. Տիրան Մարութեան, որուն հրատարակած ՙՙՙԽորագոյն Հայք՚ անուն գիրքը ուղեցոյց եղած է մեզի, որ 70-ական տարիներուն ծանօթանանք` ռամիկի կողմէ անցեալի ՙՏիւնեա պիւզիւկիւ՚ (երկրի սրբան) անուանուած Թորթումի հովիտի դժուարամատչելի բայց հոյակապ յուշարձաններուն:
Պարզ բացատրութեամբ Արդուին, Էրզրում, Եուսուֆէլի ու Կարսի միջեւ մնացած ապառաժոտ եւ ջրառատ շրջանը, զոր կ’ոռոգեն Ճորոխ եւ Թորթում գետերը, աշխարագրականօրէն կը կոչուի Տայք-Կղարջք, օտար անուանումով` Tao-Klrceti.
Այս իսկապէս դժուարանցանելի, բայց նաեւ յոյժ գունաւոր աշխարհի անցեալին, Ուրարտացիներէն վերջ տէր դարձեր են Դիմաքսեանները, ապա իբրեւ ամարանոց` Տարօնի իշխաններէն Մամիկոնեաններ հաստատուեր են, վերջապէս ալ շրջանը ժառանգեր են շինարար Բագրատունիները, որոնք տիրապետեր են Անիէն ու Կարսէն մինչեւ Տայոց Աշխարհի ծայրամասերը՝ ճարտարապետական անզուգական գլուխգործոցներով զարդարելով այս վայրերը:
Ամէն այցելութենէ վերջ, կամ ամէն առթիւ գրած ենք այս շրջանի յուշարձան-կոթողներու մասին, այդ պատճառաւ այս անգամ կ’ուզենք խօսիլ բնակավայրի մը մասին, ուր եւս անցեալին, ինչպէս ամէն հայկական բնակավայր, անշուշտ կային քանի մը եկեղեցիներ, որոնք այլեւս չկան:
Խնդրոյ առարկայ այս բնակավայրը իր անունը կ’առնէ մօտակայքի դաշտէն հոսող գետէն, որ կը կոչուի ՙԽոտորջուր՚:
Նախ աւանդութիւնը…
Ճորոխ գետին Սպերու լերան գօտիներու ստորոտներէն այսպէս հանդարտ անցնելուն պատճառն է դաշտին կարգէ դուրս հարթութիւնը, այնպէս որ մարդ քովը կեցած նայելու ժամանակ` կարծես թէ ջուրը աւելի զառիվեր կ’երթայ քան, թէ զառիվայր: Սակայն տեղացիք այս բնական պատճառով գոհ չըլլալով, գերբնական պատճառ մ’ալ կու տան, ըսելով, թէ անգամ մը սուրբ անձ մը երբ ջորի հեծած այս գետէն ուզեր է անցնիլ, ջուրին ընթացից ահաւոր ձայնէն ջորին խրտչելով ետ դարձեր եւ սկսեր է դէպի մերձակայ մոշի ծառոց խիտ անտառներու մէջ փախչիլ, եւ սուրբը նեղանալով` անիծեր է, որ անկէ վերջ ո՛չ Ճորոխ գետը ձայն ունենայ, ո՛չ ջորին ծնանի եւ ոչ ալ մոշին պտուղ տայ:
***
Ի դարասկիզբին Խոտորջուրը (Բնաշխարհիկ Բառարան)։
Այս աւանդութիւնը եւ Խոտորջրոյ անցեալի մասին տեղեկութիւնները կը քաղենք Հ. Ս. Էփրիկեանի Բնաշխարհիկ Բառարանէն: Այսուհանդերձ հինէն մնացած բարձրայարկ բնակարաններուն պատճառաւ մեր օրերուն ՙՍըրաքոնաքյար՚ անունը յարմար տեսնուած այս գիւղը ոչ մէկ տեղացի նորելուկ այդ անունով կը կոչէ: Ան բոլորին համար Խոտորջուր, կամ կրճատած ձեւով` Խոտեջուր է, ու ինչպէս մեր Եուսուֆէլիցի բարեկամը` Սիրալի կ’ըսեր թէ` ՙկը վայելէր, որ մենք երթայինք հոն, քանի որ այս կողմերու ամենէն նշանաւոր հայկական բնակավայրն էր Խոտորջուրը՚:
Սիրալիին հաւատացինք եւ քիլօմեթրերը հաշուելով ուղղուեցանք դէպի Խոտորջուր՝ զանց առնելով ճամբու վրայի Չորդվան-Տէօրթքիլիսէն: Մինչդեռ Տայք-Կղարջքի մէջ ճանապարհները ոչ թէ քիլօմեթրով, այլ ժամերով պէտք է հաշուել, քանի որ 15 քմ հեռատրութեան համար ժամ մը օթօ քշելէ վերջ ՙդեռ 4 քմ մնաց՚ կ’ըսեն այս կողմերը…
Եւ մենք այդ օրը, առանց Խոտորջուր հասնելու, նոյնիսկ առանց Չորդվանը տեսնելու վերդարձանք մեր պանդոկը:
Խոտորջուր կամ Խոտուջուր
Տայոց Աշխարհէն դէպի արեւմուտք կը գտնուի անցեալի զուտ հայաբնակ Խոտորջուրը, որ այս անունը առած է մէջէն անցնող գետոյն վերջին աստիճանի ծամածուռ ոլորապտոյտ ընթացքէն, ըստ ոմանց ալ` առատ խոտ եւ ջուր ունենալուն պատճառաւ կոչուած է Խոտուջուր:
Խոտորջուր չորս կողմանէ շրջապատուած է անտառախիտ լեռներով, արեւելքէն ու հիւսիսէն` Հարկեւորի սարով, որ մասն է Պարխար-Պարհալ լերանց, արեւմտեան կողմը բարձրացած է Խոտորջուրը Համշենէն բաժնող Մեծ Սարը, իսկ հարաւային կողմէն` Ճորոխ գետը, որ այստեղ անձայն-անմռունչ սահելով՝ կ’անցնի Սպերու Լերանց գօտիներու ստորոտներէն:
…Մեծ Սար լեռան ստորոտները կարգաւ շարուած են խումբ-խումբ տնակներ, որոնք իւրաքանչիւր գիւղի ամարանոցներն են առանձին անուններով, ինչպէս` Մարկեղինց, Կոկնոց-Ձուցուլա, Գարսունց, Պապանունց, Գայինցենց, Խոճեկանք, Աղբնենց եւ այլն:
Արդէօք ե՞րբ կբացուի ճանապարհը։
Իսկ Խոտորջուրէն դէպի Սեւ Ծով, դէպի Քաջ Քար կոչուած ձիւնապատ լեռնագագաթները, ամէն տափարակ տեղ կառուցուած են եղեր իրերահայեաց հինաւուրց մատուռներ, կոչուած զանազան սրբոց անուններով` Ս. Աստուածածին, Ս. Յովհաննէս, Ս. Սարգիս, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ եւ քանի մը հատ ալ Ս. Խաչ…:
Մի այլ Խոտորջուրի աւանդութիւն
Անտառները մասամբ կտրուեր են բնակիչներէն, նորանոր մշակութեան ասպարէզներ բանալու դիտմամբ, բայց ասկէ աւելի ուրիշ պատճառ մ’ալ եղած է, ըստ վկայութեան ոչ այնչափ հին աւանդութեան մը, իբր թէ ժամանակաւ երբ բոլոր լեռները անտառներով ծածկուած էին, եւ անոնց չորս կողմերը ամառուան բնակութեան տեղեր էին, որ միայն Խոտորջուրի, այլեւ անոր շրջակայ տաճկաբնակ վիճակաց, յանկարծ առիւծ մը գտնուեր է եւ սկսեր է տեղացւոց շատ վնասներ հասցնել: Անոնք այս ահաւոր գազանին ձեռքէն ազատելու ուրիշ հնարք չեն գտած, բայց եթէ անտառներուն չորս կողմանէ կրակ տալ, որով առիւծին պատճառաւ երկիրն ալ մեծաւ մասամբ մերկացեր է իր զարդէն ու շնորհքէն:
Տակաւին կայ Ասլանափոս կոչուած տեղ մը` լերանց գոգաձեւ գօտիներու մէջ, եւ երբ այս տեղէն անցնին երկու հոգի, միշտ վերոյիշեալ պատմութիւնը կը կրկնեն:
Այդ ժամանակէն սկսած է կլիմային փոփոխուփիւնը, որուն ազդեցութիւնը վնասած է նաեւ բերքերուն: Այս արտերը, որոնք ժամանակաւ առատապէս կը հասնցէին ցորեն, աշուրայ, եգիպտացորեն, եւ գրեթէ ամէն տեսակ ընդեղէն, այժմ շատ քիչ եւ տեղ-տեղ բնաւ չեն հասցներ վերոյիշեալ բերքերը: Պտուղներէն գլխաւորը` քաղցրահամ խաղողը, բոլորովին թթու դարձեր է եւ այժմ ի բնակչաց ժուռ կը կոչուի, ուրիշ շատ տեսակ պտուղներ բնաջինջ եղած են, եւ մնացածներուն մէջ ոչ համ մնացած է եւ ոչ ալ հոտ:
Պարխարեան Լեռները` Հմայեակ Մամիկոնեանի հետքերով
Քիչ մըն ալ փոխ առնենք Տիրան Մարութեանի ՙԽորագոյն Հայք՚ անուն գործէն:
Մեր պատմիչներ Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի հաղորդածներէն կը տեղեկանանք, որ Հմայեակ Մամիկոնեանը ղրկուած է Յոյներու մօտ՝ Պարսիկներու դէմ օգնութիւն խնդրելու, որ չէ եկած եւ 451 թուականին Վարդանանց պատերազմի աւարտէն յետոյ ետ քաշուող Հմայեակը իր շուրջի քաջերուն հետ Տայքի մօտ կը յարձակի եւ սաստիկ ճակատամարտ կը մղէ պարսիկներու հետ ու այնտեղ ալ կը նահատակուի:
Այս եղելութիւնը տեղի կ’ունենայ Պարխարի կողմերը` Քաջքարները, որ նախապէս կրեր է Խաչքար անունը եւ յիշեալ դէպքէն վերջ վերանուանուեր է Քաջքար:
Ճակատամարտէն հետոյ Հմայեակի մարդիկը կը քաշուին դէպի Պարխար եւ հաւանաբար իրենց նահատակներու աճիւնները կ’ամփոփեն տեղւոյն եկեղեցիներուն մէջ: Հետագային այդ սրբավայրերու տեղերը կը կառուցուին աւելի շքեղ եկեղեցիներ, ինրպիսիք են` Թ. եւ Ժ. դարերով թուագրուող Չորդվան եւ Պարխար տաճարները:
Պարխար եւ Չորդվան տաճարները
Պոնտական սարերէն ծնող նոյնանուն գետի ձորահովիտին մէջ կը գտնուի Պարխար գիւղն ու գիւղի եռանաւ պազիլիք եկեղեցին, որ շատ է նման դարձեալ այդ շրջանի Չորդվան եկեղեցւոյն, սա տարբերութեամբ, որ առաջինը որպէս մզկիթ կ’օգտագործուի, ուրեմն մաքուր կը պահուի ու խնամուի, իսկ երկրորդը, որ իր բնական միջավայրին մէջ շատ աւելի տպաւորիչ դիրք ունի, լքուած է իր ճակատագրին եւ գանձախոյզերու քմահաճոյքին:
Չորդվան տաճարը
Պարխարի անունը կը ծագի իր յենած լերան անունէն: Հայոց տոմարի ամենամսեայ 13-րդ օրն ալ կը կոչուէր Պարխար: Եռանաւ եկեղեցին դիտողին վրայ այն տպաւորութիւնը կը թուղու, որ կարծես երկու պազիլիքներ իրար վրայ տեղադրուած ըլլան, Չորդվանին պէս: Ճարտարապետ բարեկամ մը նման բացատրութիւն մը տուած էր խաչաձեւ յատակագիծով հայկական տաճարի մը համար` ՙերկու պազիլիքներ իրար խաչուած՚ ըսելով:
Պարխարը շատ հարուստ է ջրերով, որով այստեղի բնակիչները Խորագոյն Հայքի երեք մեծ եկեղեցիներու շարքին են դասեր նաեւ Պարխար պազիլիք եկեղեցին, ըսելով` Իշխանը հռչակուած է իր որմանկարներով, Էօշկը՝ իր գեղեցկութեամբ, Խախուն՝ իր դիրքով, Պարխարը՝ իր ջրերով, ռամկօրէն` ՙԻշխանին նախըշը, Էօշկիւն պաքըշը, Խախունուն եաթըշը, Պարխալըն սուլարը՚:
Խորագոյն Հայքի վերոյիշեալ միւս հսկաներուն` Իշխան, Էօշկ ու Խախու տաճարներու եւ Բանակի փլատակներուն մասին հաւանաբար կը խօսինք, յաջորդով:
Սարգիս Սերովբեան
Ակօս, թիւ 747, 23 Յուլիսս, 2010
Leave a Reply