Լրատու կայքէջերը կը հաղորդեն, թէ Մշակոյթի նախարարութիւնը, ընթացք տալով Սիվրիհիսարի Քաղաքապետութեան դիմումին, որոշեց նորոգութեան ենթարկել Էսքիշէհիրի Սիվրիհիսար գաւառակի Սուրբ Երրորդութիւն հայոց եկեղեցին, որ կառուցուած է 1881-ին: Նորոգութեան աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է, եւ կը կարծուի, որ տարեվերջին կ’աւարտի: Անատոլու գործակալութեան թղթակցին համաձայն՝ լքեալ եկեղեցին երկար ժամանակ գործածուեցաւ որպէս շտեմարան ու քսան տարիէ ի վեր լքեալ ու անխնամ վիճակ ունի: Քարակերտ եկեղեցիին ետեւի կողմը մկրտարան մը կայ, հարավաւային կողմը խորհրդարան մը ունի, երկու կողմերը մէկմէկ զանգակատուն կայ:
Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է, որ եկեղեցին վերանորոգուի իր բնօրինակին հաւատարիմ ոճովը, այնուհանդերձ կը հաղորդուի, թէ եկեղեցւոյ ներքնամասը պիտի զարդարուի Սիվրիհիսարի շրջանային գորգերով ու նմանօրինակ պատմական նկարներով: Մուտքի դրան մօտերը արժէքաւոր քանդակներ կային, որպէսզի չգողցուին, անոնք վերցուեցան ու պահուեցան Քաղաքապետութեան կողմէ: Նորոգութեան աւարտին եկեղեցին պիտի գործածուի որպէս մշակութային կեդրոն ու բաց պիտի ըլլայ բոլոր զբօսաշրջիկներուն:
Մարմարա
26.07.2010
Leave a Reply