ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՕԳՆԱԿԱՆ ԱՐԸՆՉ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Վարչապետի Օգնական եւ Վաքըֆներու գործերու գծով Պետական Նախարար Պիւլէնտ Արընչ 19 Յուլիս 2010, Երկուշաբթի ժամը 11.45ին Պատրիարքարան այցելեց։

 Մեծայարգ Նախարարը Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահին մէջ կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ դիւանի անդամները, համայնքային եւ Թաղային խորհուրդներու Ատենապետներէն ոմանք եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

 Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Նախարար Արընչի եւ ընդգծեց կառավարութեան ցուցաբերած բարեացակամութիւնը՝ համայնքային հարցերու լուծման հետ առընչուած եւ առ այդ յայտնեց շնորհակալութիւն յանուն Պատրիարքական Աթոռի, Կրօնական Ժողովի եւ համայնքին։ Անդրադարձաւ նաեւ Ս. Խաչ Լիսէի (Դպրեվանք) անլոյծ հարցին, որուն մասին թղթածրար մը ներկայացուց Վարժարանի Տնօրէն՝ Հայկ Նշան։ Ներկաներէն ոմանք եւս հանդէս եկան ու փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը։ 

 Նախարար Արընչ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, թէ փափաքած էր Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորել Պատրիարքարան անձամբ այցելելով։ Ան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ Սրբազան Հօր իր ընտրուած նոր պաշտօնին մէջ։ Անդրադարձաւ նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տիրող մաքրութեան, կանոնաւորութեան ու ընծայուած սպասարկութեան որակին։ Գնահատեց վարիչներն ու պատասխանատուները եւ շեշտեց, թէ համայնքը պէտք է մեծապէս հպարտ զգայ այս հաստատութեամբ։ Ան մի առ մի հետաքրքրուեցաւ Համայնքի վարչային դրութեամբ եւ տեղեկութիւններ քաղեց Կրթական հաստատութեանց ու Եկեղեցիներու մասին։

 Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը Մեծայարգ Նախարարին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած Օսմանեան Շրջանի Հայ Նկարիչներու լայնածաւալ աշխատասիրութիւնը։ Նախարարը հետաքրքրուեցաւ նաեւ ընդունելութեան սրահին մէջ գտնուող Կեսարիոյ Էֆքէրէ գիւղի Ս. Կարապետ Վանքի սատափեայ պատմական դրան հետ։ Խմբանկարէն ետք, Նախարար Արընչ գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003385&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2010
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ