Րակըպ Զարաքօլուի Հարցումը. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ Ի՞ՆՉ ԶԳԱՑ ԱՐԴԵՕՔ ՍՐԷՊՐԷՆԻՑԷԻ ՄԷՋ

Հրապարակագիր Րակըպ Զարաքօլու «Էվրենսէլ»ի մէջ հրատարակուած իր հօդուածով կ’անդրադառնայ Վարչապետ Էրտողանի Սերպիա այցելութեան, այդ կարգին` Սրէպրէնիցէի մէջ գործուած ցեղասպանութեան ոգեկոչման, այնուհետեւ հարց կուտայ, թէ շատ հետաքրքիր է գիտնալու թէ Էրտողան հոն ի՞նչ զգաց, արդեօք պահ մը խղճի խայթ ունեցա՞ւ հայկական ցեղասպանութիւնը յիշելով:

Էրտողան ի՞նչ զգաց, երբ Սերպիոյ Նախագահ Թատիչ յայտնեց, թէ Սրէպրէնիցէի ցեղասպանութեան ոճրագործները պիտի գտնուին ու պիտի պատժուին, եւ երբ ան ժողովուրդին անունով ներողութիւն խնդրեց ցեղասպանութեան զոհերէն:

Զարաքօլու դիտել կուտայ, որ այս կերպով Սերպիոյ Նախագահը Սրէպրէնիցէի ջարդերէն 15 տարի վերջ կատարեց խղճմտանքի պարտականութիւնը եւ ապահովեց, որ յառաջիկայ սերպ սերունդները փրկուին այդ պատասխանատուութենէն, մինչդեռ թուրք պետութիւնը 90 տարիէ ի վեր կը մերժէ խղճմտանքի այս պարտականութիւնը, ո’չ միայն ամենափոքր չափով ներողութիւն չի խնդրէր, այլ նաեւ կը յայտնէ, որ կողմնակից է, որ ԱՍՄՔՔ կազմակերպութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը:

Եւ եթէ հարցուի, թէ ինչ է այս ԱՍՄՔՔ կազմակերպութիւնը, անիկա «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարելու խորհուրդ»ն է:

Շատ տպաւորիչ անուն մը ահաւասիկ: Մինչդէռ սերպերը, փոխանակ այսպիսի փառաւոր Խորհուրդներ ստեղծելու, նախընտրեցին թեթեւցնել իրենց ուսերուն վրայ դրուած բեռը, եւ մենք սերպերը տարհամոզեցինք որ ներողութիւն խնդրեն: Լաւ, բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ սերպերն ալ մեզի յանձնարարեն, որ մաքրենք մեր տան առջեւը: Ի՞նչ պատասխան կրնայինք տալ, կը շարունակէ հարցնել Րակըպ Զարաքօլու:

Մարմարա, 14.07.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2010
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ