Հայ ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութիւնը (ՀայՃար), թերթիս խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի առաջնորդութեամբ պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Սեւ Ծովու արեւելեան հատուած, Խորագոյն Հայք եւ Անիի աւերակները:
24 Յունիսին քաղաքէս մեկնող 52 հոգիէ բաղկացեալ ՀայՃար խմբակի առաջին կանգառը կը հանդիսանար Տրապիզոն քաղաքը, ուր այցելեցին Սումէլայի ժայռափոր վանքը, ապա` Քայմաքլը կոչուած Ամենափրկիչ վանքը եւ այս քաղաքին Սուրբ Սոփիա տաճարը: Խումբը ապա շրջեցաւ Չամլըհեմշին, Հոփա, Սարփ և Եուսուֆէլի: Այցելեց Հոփայի Ջալունա գիւղը, մէկտեղուեցաւ համշէնցիներու հետ: Խումբի մասնակիցներէն շատերուն համար զարմանալի յայտնութիւն մըն էր տեղացիներու հետ հայերէն զրուցլեու առթած նկարը: Խումբը այցելեց նաեւ հայ ճարտարապետութեան ընտիր նմոյշներով լեցուն Թորթումի եւ Օլթուի շրջանը: Հոն առիթն ունեցան մօտէն քննելու Իշխանի եկեղեցին, Էօշք վանքը, Խախու, Պարհալ եւ Բանակ տաճարները, ուրկէ անցան Կարս ու շրջեցան Անիի աւերակները:
ՀայՃարի խումբը 28 Յունիս Երկուշաբթի օր Կարսի ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ:
Սարգիս Սերոբեան
ԱԿՕՍ, 2 Յուլիս, 2010
Leave a Reply