Սունկով լոլիկի տոլմա

Ընտրել միջին մեծութեան լոլիկներ, լուալ, վերին մասը կտրել եւ զգուշութեամբ հանել միջուկը: Սունկը լուալ, մաքրել եւ տապակել սոխով, պղպեղով եւ իւղով: Եփած բրինձը խառնել սունկի հետ եւ աւելցնել աղ, պղպեղ, ծեծած սխտոր, թարխուն ու լաւ խառնել: Պատրաստուած լոլիկին մէջ դնել խճողակը, ծածկել կտրած գլխամասերով, դնել իւղուած տապակին մէջ, վրան ցանել իւղ եւ մօտաւորապէս 15 վայրկեան դնել ջեռոցը:

Մատուցել ցանկացած եղինձով կամ` տապկուած գետնախնձորով:

10 հատ լոլիկին` 8 հատ թարմ սունկ,

կէս գաւաթ բրինձ,

1 գլուխ սոխ,

2 ճաշի դգալ հալած իւղ,

2-3 պճեղ սխտոր,

մնացածը՝ ըստ ճաշակի:

Այտա Կոստանեան

ԱԿՕՍ 02.07.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ