ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ

Թուրքիոյ Հայոց Եկեղեցական Համագումար Ժողովը գումարուեցաւ 1 Յուլիս 2010 Հինգշաբթի, ժամը՝ 15.00ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեանի։ Համագումարին մասնակցեցան 25 հոգեւորականներ, 2 հոգեւորականներ կը բացակայէին պատճառաբանութեամբ եւ իրենց ձայնը փոխանցած էին գրաւոր փոխանորդագրերով։

Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, ապա կատարուեցաւ Հանգստեան Կարգ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներուն եւ վախճանեալ հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ժողովական Հայրերը աղօթք արտասանեցին վասն բժշկութեան Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Ներկաներու ստուգումէն ետք ձեռնարկուեցաւ Դիւանի ընտրութեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ Ատենապետ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան՝ Ատենադպիր, Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան եւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան՝ քուէի ստուգիչ անդամներ ընտրուեցան։

Բացման խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, որ մաղթեց յաջողութիւն եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան համար։ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան իր խօսքին մէջ անրադարձաւ պաշտօնագրի պարունակութեան։

Ապա, կարդացուեցաւ Ստանպուլի Կուսակալութենէն հասած 29 Յունիս 2010 թուակիր եւ 31941 համար պաշտօնագիրը։

Ձեռնարկուեցաւ ընտրութեան՝ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Գործածուած 25 քուէներու վրայ 24 քուէներով միաձայնութեամբ ՙՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՚ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Իսկ 1 քուէն արդէն սպիտակ էր։ Ընտրութեան արդիւնքը յայտարարուեցաւ Ժողովի Դիւանին կողմէ։ Ապա Ժողովական Հայրերը երգեցին ՙՈւրախ Լեր Սուրբ Եկեղեցի՚ շարականը եւ ընտրեալ Սրբազան Հայրը իր Աջը դնելով Սուրբ Աւետարանին վրայ առաջի Ժողովոյ կարդաց Փոխանորդութեան Ուխտագիրը ըստ հետեւեալի՝

ՙԱռաջի Աստուծոյ եւ Սրբուհւոյ Աստուածածնի եւ ամենայն Սրբոց եւ ի ներկայութեան Եկեղեցական Համագումար Ժողովոյս հրապարակաւ կ’ուխտեմ խղճի մտօք կատարել Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը ըստ կարգաց եւ կանոնաց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Օգնեսցէ ինձ Աստուած՚։

Ապա, երգուեցաւ ՙԿենդանարար Աստուած՚ շարականը։ Աւարտին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար։ Ապա Ժողովը փակուեցաւ Արամ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ ու միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։

 1 Յուլիս 2010

9169

ԴԻՒԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003351&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2010
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ