ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼԵԼԷ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները կը զգուշացնէ մինչեւ 30 ապրիլ 2010 Թուրքիա այցելելու անցանկալիութենէն եւ ամերիկացիներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներու եւ բռնութիւններու վտանգէնª անոնց թելադրելով հրաժարիլ այդ երկիրը այցելելէ կամ ալ ծայրայեղ ուշադրութիւն ցուցաբերել£

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեամբ, ամերիկացի քաղաքացիները ուշադիր պէտք է ըլլան վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ նկատուող հակաամերիկեան քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ Յեղափոխական ժողովրդական կուսակցութեան հիմնադրման մօտեցող ոգեկոչման պատճառով, ինչ որ բազմաթիւ բողոքներու եւ ցոյցերու պատճառ պիտի դառնայ£

Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի խուսափիլ հաւաքներէն, նոյնիսկ եթէ անոնք խաղաղ բնոյթ կը կրեն£

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=33232

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ