ՊԱՅՔԱԼ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԷՐՏՈՂԱՆԸ` ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԱՐՏԱՔՍԵԼՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կերպով բնակող հայերը արտաքսելու մասին յայտարարութիւնը վտանգաւոր է եւ կը հակասէ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն:

«Աշխատելու համար Թուրքիա ժամանած մարդիկը որեւէ վէճի լուծման համար իբրեւ յաղթաթուղթ օգտագործելու ցանկութիւնը անընդունելի է եւ կը հակասէ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն», յայտարարած է Պայքալ:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախկին նախարար Եաշար Օքույան «Պի.Պի.Սի.»ի թրքական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ  Էրտողանի յայտարարութեան համար մտադիր է դատական պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ վարչապետը:

Ըստ Օքույանի, Էրտողանի յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ, որ երկրին մէջ ապօրինի գաղթականներ կան, եւ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ այդ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ: «Թուրքիոյ սահմանադրութեան համաձայն, ատիկա օրէնքի խախտում է եւ ծառայողական պարտականութիւններուն մէջ թերացում», ընդգծած է նախկին նախարարը:

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=33141

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ