«ԻՄ ԵՐԿՐԻՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՔՈՒՐ Է, ՓԱՌԱՒՈՐ, ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ «մենք միշտ եղած ենք հալածուածներու եւ վիրաւորուածներու կողքին: Մենք պաշտպանած ենք ինչպէս Վրաստանի, այնպէս ալ Տարֆուրի հալածեալները: Մեր միակ նպատակը բոլոր ժողովուրդներուն համար խաղաղութիւնն է: Եւ միշտ հանդէս պիտի գանք ի պաշտպանութիւն խաղաղութեան»:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` Էրտողան նշած է. «Թուրքը ազգութիւն է, որ իր մէջ կը կրէ Չանաքիայի (Ն.Ք. 4-րդ դարու հնդիկ քաղաքագէտ. «Ա.») գաղափարները: Մենք ազատասէր ազգ ենք եւ երբեք չենք ընդունիր հարկադրանքը: Ինչպէս մեր բանակի քաջագործութիւնները չեն խառնուած պատմութեան, այնպէս ալ իմ երկրին պատմութիւնը երբեք չի տեղաւորուիր միւս երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ: Իմ երկրիս պատմութիւնը մաքուր է, փառաւոր, առասպելական եւ լուսաւոր, եւ ոչ ոք կրնայ զայն սեւցնել»:

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=33141

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ