ԽԵՆԴ ՄԸ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՅ ԿՈՏՐԵԼ ԱՅՍ ԵՐԿՐԻՆ ՍԽԱԼ ԿԱՂԱՊԱՐՆԵՐԸ
Ահմէտ Ալթան «Թարաֆ»ի մէջ երէկ «Խենդ Մը Կը Փնտռվի» խորագրին ներքեւ կը գրէր որ այնպէս կը թուի թէ այս երկրին մէջ խելացի մարդ շատ կայ, բոլորն ալ նախապէս ճշդուած շրջանակներու մէջ մնացած հարցերը լուծել կ’աշխատին, բայց ինք խենդ մը կը փնտռէ, խենդ մը որ շրջանակին մէջի հարցը լուծել պիտի չաշխատի, այլ պիտի աշխատի շրջանակը փոխել: Որովհետեւ խենդերը կարեւորութիւն չեն տար շրջանակը փոխել, շրջանակներուն հաւատարիմ մնալու հարց մը չունին:
Ալթան կը յիշեցնէ թէ քաղաքագէտերը շրջանակներուն մէջ մնալով ալ կրնան լուծել հարցերը, բայց ասոր գինը բարձր է, միլիոնաւոր մարդիկ երկար տարիներ զանզան տառապանքներու կ’ենթարկուին: Հիմա պէտք է խենդ մը որ պիտի ըսէ. «Եղբայր, այս շրջանակը սխալ է»:
Եթէ այդ շրջանակը սխալ չըլլար, յիսուն տարիէ ի վեր երկիրը նոյն հարցերը կ’ապրէ՞ր: Քրտական հարց, Հայկական հարց, Կիպրոսի հարց…:
Ալթան ասպէս կը խորհրդածէ.
«Երբ ես մանուկ էի, ցոյցեր կը կատարուէին, Կիպրոսը Թուրք է կ’ըսէին, բայց Կիպրոսը թուրք չէր, թուրք ալ պիտի չըլլար, բայց շրջանակը այդպէս գծուած էր, հակառակը պնդելն ալ «դաւաճանութիւն» էր:
Տարիներով պոռացինք: «Հայրենակից, թրքերէն խօսէ»: Պոռացինք, ի՞նչ եղաւ: Հաքքարիի մարզերուն մէջ ապրող հայրենակի՞ցն է, որ թրքերէն պիտի խօսի: Չի գիտեր որ խօսի: Երբ թրքերէն չգիտցող հայրենակցին ստիպեցին որ թրքերէն խօսի, քառասուն հազար հայերանկիցներ իրենց կեանքը կորսնցուցին:
Իսկ վերջին շրջաններու ամէնեն նախընտրուած կարգախօսն ալ սա է.
«Հայերն ալ մեզ սպաննեցին»:
Հայերը ո՞վ էին, մենք ո՞վ էինք: Անոնք մեր հայրենակիցները չէի՞ն: Բայց մենք պետութիւն կը նշանակէինք, իսկ հայերը անկէ դուրս կը մնային: Դուրսը մնալու գինն ալ այս է ահաւասիկ, ի վերջոյ մէկը կը մեռնի:
Յիսուն տարիէ ի վեր այս երկիրը կը կառավարուի խելացի մարդոց կողմէ, բայց որոհետեւ խելացի են, ո’չ մէկ հարց կրցան լուծել: Որովհետեւ այդ շրջանակներուն մէջ մնալով չես կրնար լուծել այս հարցերը: Պէտք է որ մէկը կոտրէ այդ շրջանակները, որովհետեւ անոնք սխալ են: Խենդ մը կը փնտռուի ահաւասիկ, խենդ մը որ պիտի ըսէ որ հայրենակիցները յանցանք կրնան գործել, բայց պետութիւնը չի կրնար յանցանք գործել, իրաւունք չունի: Եթե անհատը յանցանք գործէ, պետութիւնը կը պատժէ: Իսկ եթէ պետութիւնը յանցանք գործէ, աշխարհը կը պատժէ այդ պետութիունը: Այսօր աս է որ Թուրքիոյ գլխուն եկած է հայկական հարցի առընչութեամբ: Թուրքիոյ պետութիւնը առանձին մնաց, որովհետեւ «հայերը յանցանք գործեցին» ըսելով ինք ալ յանցանք գործեց եւ սպասեց որ աշխարհ հասկացողութիւն ցոյց տայ: Այս մտայնութեամբ ու այս շրջանակին մէջ ոչ մէկ հարց կը լուծուի: Այդ պատճառաւ է որ հիմա խենդ մը կը փնտռուի, որովհետեւ մենք այլեւս ձանձրացանք այս խելացիներէն:
Մարմարա, 15.03.2010
Leave a Reply