ՏՈՒՇՊԱ – ՎԱՆ

 

Վանի ժայռը եւ բերդը դիտուած Վանայ լճէն 

Այս քաղաքը, որ կը կոչուի նաեւ Տոսպ, Վանտոսպ, աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին է։ Երբ Ք.Վ. 363 թուականին, պարսիկներ կ’արշաւեն Հայաստան, իրենց արձանագրութիւններուն մէջ Վան քաղաքի համար կը գործածեն Շամիրամակերտ անունը։ Ք.Ա. 9-րդ դարու կիսուն, յատկապէս ասորական արշաւանքներու հետեւանքով, Նաիրի երկրի հայ ցեղերը՝ քաղաք-թագաւորութիւնները միասնական պետութեան մը վերածելու աշխատութիւններուն կը սկսի Արամ (Արամու) (Ք.Ա. 860-843), որով ինք կը նկատուի Նաիրի երկրի Ուրարտուի թագաւորութեան (Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան) (Ք.Ա. 860-580) հիմնադիրը։ Սարդուրի Ա. (Ք.Ա. 835-825) կը հիմնէ միացեալ թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Տուշպա՝ Վան քաղաքը, (Ք.Ա. 827-825), Վանայ Լճի արեւելեան ափը։ Վան ռազմավարական տեսակետէ Արծաշքու (Արզաշկու) քաղաքին նկատմամբ հարաւային յարձակումներէ աւելի պատսպարեալ է. մէկ կողմը լիճ, միւս կողմն ալ լեռնաշղթայ։ 

Քաղաքին Տուշպա անունը ծնունդ կ’առնէ արեւի չաստուած Շիուինիի կնոջ՝ Տուշպուէայի անունէն։ Այս երկու չաստուածներու մեհեանը կը գտնուի Տուշպայի մէջ։ Վան անունն ալ կը ծագի Բիայնիլի անունէն։ Սարդուրի Վանի քարաժայռին մօտ հսկայ քարերով արեւելքէն­արեւմուտք 1800 մ. եւ հիւսիսէն-հարաւ 120 մ. երկարութեամբ ամուր պարիսպ շինել կուտայ իր միջնաբերդով, որուն վրայ յայտնաբերուած աքքադերէնով գրուած սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ Սարդուրի ինքզինքը կը կոչէ մեծ արքայ, տիեզերքի արքայ, Նայիրի արքայ, որ քարերով շինել տուած է այդ պարիսպը։ Ան քարաժայռին մէջ փորել կուտայ զանազան սենեակներ, ննջարաններ, գանձարաններ, ծածուկ անցքեր։ 

 

Վանի բերդին վրայ Ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններ 

Մենուա Ա. (Ք.Ա .810-786) քաղաքին առատ ջուր բերելու, դաշտերու, բուրաստաններու եւ ծաղկանոցներու ոռոգման համար շինել կուտայ 70-80 քմ. երկայնութեամբ, 4,5 մ. լայնքով եւ 1,5 մ. խորութեամբ ջրանցք, զորս կ’անուանէ Մենուայի ջրանցք, որ տեղ-տեղ կ’անցնի փորուած ժայռերու մէջէն, կամ 15-20 մ. բարձրութեամբ լայն պատերու վրայէն։ Այս ջրանցքը այսօր իսկ կ’օգտագործուի։ Ան շինել կուտայ նաեւ Բաբելոնի հռչակաւոր կախովի պարտէզներուն փոքր նմանները։ Քաղաքը ընդարձակ փողոցներով մասերու կը բաժնուի։ Կը կառուցուին բաղնիքներ, երկյարկանի ու եռյարկ ապարանքներ։ 

Երբ Մարերու թագաւորը` Աժդահակի (Ք.Ա. 585-550) Բաբելոնի հետ կը պատերազմի, Պարոյրի ընտանիքէն Երուանդ Սակաւակեաց, կը գրաւէ Տուշպան եւ զայն կը վերանուանէ ԵՐՈՒԱՆԴԱՒԱՆ։ Այսպէսով Վանի վրայ կը սկսի Երուանդունիներու անկախ թագաւորութիւնը (Ք.Ա. 580-201)։ 

Վան յետագային կ’ըլլայ նաեւ Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան (908-1021) մայրաքաղաքը։ Գագիկ Ա. թագաւոր (908-943) կը վերաշինէ Վանի միջնաբերդը եւ միջնաբերդի մէջ կը կառուցէ մի քանի եկեղեցի եւ ժայռաբերդի մէջ ալ՝ թագաւորական պալատ։ Շինել կուտայ նաեւ Վարագայ լերան ստորոտէն դէպի Վան ստորերկրեայ քարաշէն ջրմուղ։ Իր ուշադրութեան առարկայ կ’ըլլայ Վանայ լճի ափերուն` Աղթամար կղզիին դիմացը, հրաշալի դիրքով Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան Ոստան քաղաքը, որու աւերուած միջնաբերդը վերականգնելէ վերջ կը նորոգէ նաեւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Կը շինէ թագաւորական շքեղ պալատ։ Գագիկ շինել կուտայ նաեւ Կարմրավանքի մէջ Ս. Նշան եկեղեցին եւ Նարեկավանքը, որուն ամենանշանաւոր վանականին` Գրիգոր Նարեկացիի (951-1003) մահուան 1000­ամեակը կը յիշատակուի 2003 տարուան ընթացքին։ 

Գագիկ կ՛որոշէ մայրաքաղաքը Վանայ լճի Աղթամար կղզին տեղափոխել։ Շինութեան համար հեռաւոր գիւղերէ երկանիւ սայլերով ահագին քանակութեամբ քարեր կը բերուի։ Կղզիին շուրջը անոնցմով կը լեցուի։ Անոնց վրայ ջուրի մակերեսէն հինգ կանգուն (2,5 մ.) բարձրութեամբ ամբարտակ կը շինուի, որուն վրայ կը բարձրանայ քաղաքի շուրջի պարիսպը՝ իր բարձր աշտարակներով։ Լճին մէկ մասը եւս լեցնելով ցամաքի կը վերածուի, կը շրջապատուի ամբարտակներով, որով կը գոյանայ արուեստական նաւահանգիստ, որ կը շրջապատուի աշտարակաւոր պարիսպներով եւ կ՛ունենայ երկաթաձոյլ դռներ։ Կը կառուցուի արքայական պալատ եւ Ս. Խաչ եկեղեցին (915-921)։ Մանուէլ ճարտարապետի շինած այս կառոյցը իր ժամանակի համար ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ միջազգային արուեստի մէջ եզակի կոթող մըն է։ Գագիկի եղբօրորդի Եղիշէն (Եղիս) 921ին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Այսպէսով կը սկսի Վասպուրականի թագաւորութեան (Աղթամարի) եպիսկոպոսական աթոռը։Արաբական իշխանութեան վարձկան սելջուկ­թրքական ջոկատներու տեւական յարձակումներէն տկարացած եւ Բիւզանդիոյ հայազգի կայսր Վասիլ Բ.­ի (957- 1025) պարտադրութեամբ Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ Արծրունին (968-1021), 1021-ին, Վասիլի հետ կնքած պայմանագրի համաձայն, Վասպուրականը, որ Միջագետքի վրայ իշխելու տրամադիր Բիւզանդիոնի համար ռազմավարական մեծ արժէք կը ներկայացնէ, իր 8 քաղաքներով, 4000 գիւղերով, 72 բերդ-ամրոցներով եւ 115 վանքերով կը յանձնէ Բիւզանդիոնին` ի փոխարէն ստանալով Փոքր Ասիոյ Կապադովկիա նահանգը, որու կեդրոնն է Սեբաստիա (Սիվաս) քաղաքը` իր գիւղերով` որպէս Արծրունիներու ժառանգական հողատարածք։

 16-րդ դարու սկիզբը վենետիկցի վաճառական մը Աղթամար կ՛այցելէ ու հետեւեալը կ՛ըսէ. «Կղզիին վրայ երկու մղոն շրջագիծով փոքր քաղաք մը կայ։ Քաղաքը ունի այնքան տարածութիւն, որքան կղզին։ Այս քաղաքը կը կոչուի Արմէնիկ, շատ բազմամարդ է եւ այդտեղ միայն հայ քրիստոնեաները կը բնակին, առանց ոեւէ մահմետականի. ունի շատ եկեղեցիներ»։ 

Վանը պատմութեան ընթացքին շատ ձեռք փոխած է։ 1387­ին Լէնկ Թիմուր կը գրաւէ Վանը։ Ամբողջ բնակչութիւնը բարձր խարակներէն գահավիժումով կը սպաննուի։ Ան կ’աւերէ նաեւ Վանի բերդը։ 15-րդ դարուն Վանին կը տիրապետեն Գարա-Գոյունլու եւ Ագ-Գոյունլու ցեղերը։ Վան 16-րդ դարու սկիզբը մերթ Օսմանեան, մերթ Պարսկական պետութիւններուն սահմաննրուն մէջ կը մտնէ։ 1548­ին, Վան վերջնականօրէն կ՛անցնի Օսմանեան Կայսրութեան ձեռքը։ 

Վանը այդ շրջաններուն ունեցած է շատ հեղինակաւոր հայ իշխաններ, իշխանաց իշխաններ։ Անոնցմէ ոմանք այնքան հեղինակաւոր եղած են, որ կրցած են Վանի կուսակալը պաշտօնանկ ընել եւ նոյնիսկ կախել տալ։ 17-րդ, 18-րդ եւ մինչեւ 19-րդ դարուն կէսը Վանի մէջ եղած են այնպիսի հայ իշխաններ, որոնց իշխանութիւնը տարածուած է մինչեւ հեռաւոր գիւղերը։ Այս իշխանները կեանքի անբաղձալի պայմաններու հետեւանքով բազմիցս զինեալ դիմադրութիւններ կազմակերպած են թուրքերու եւ քրտերու դէմ։ 

 

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն որմնաքանդակներ

Վանի, Վասպուրականի հայերու ազատատենչական ոգին ընկճելու, անոնց զինական ուժերը ջլատելու, իշխաններու ուժը քայքայելու նպատակով ճնշումներ եւ հալածանքներ կը սկսին, տուրքերը կը բարձրացուին։ Ոմանք՝ ազնուական կամ ռամիկ, հողագործ կամ արհեստաւոր, Վանէն կը գաղթեն։ 

1877-78 ռուս-թրքական պատերազմի նախօրեակին թուրքերը կ’այրեն Վանի նշանաւոր շուկան, որպէսզի վաճառականութիւնը թուրքերուն ձեռքը անցնի։ Կառավարութիւնը հայերէն կը պահանջէ բանակին նուիրել մեծ գումարներ։ Պատերազմէն յետոյ ծայր կուտայ աղքատութիւն եւ սով, ինչ որ կը խլէ մեծ թիւով զոհեր։ 

 1872-ին կը կազմուի «Միութիւն ի Փրկութիւն» եւ 1878-ին ալ` «Սեւ Խաչ» եւ «Զինակիր» ընկերութիւնները ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան եւ իր իրաւունքներուն տէր ըլլալու ոգին տարածելու նպատակով։ Երբ պատերազմէն վերադարձող թուրք եւ քիւրտ զինուորներ իրենց զէնքերը կը ծախեն, «Սեւ Խաչ» եւ «Զինակիր» ընկերութիւնները զանոնք կը գնեն ու ժողովուրդը կը զինեն։

 1885-ին կը հիմնուի Արմենական ազգային ազատագրական կազմակերպութիւնը, զէնք հայթայթելու, ժողովուրդը զինելու, ինքնապաշտպանութեան պատրաստուելու, զինեալ խումբեր կազմելու նպատակով։ 1895-ի աշնան Վանի ու շրջանի հայահոծ շրջանները ոստիկաններով ու զինուորներով կը լեցուին։ Կողոպուտներն ու սպաննութիւնները կ’աւելնան։ 

 

Մհերի Դուռ եւ հատուած մը վրայի  

40 Ուրարտական աստուածներու մասին փորագրութենէն 

1896-ի Յունիսի 3-ին կը սկսի Վանի բնակչութեան կոտորածը։ Ամերիկայի ու Անգլիոյ քրիստոնեայ հիւպատոսները փոխանակ հայերուն օգնելու, կ’օգնեն քիւրտ հեծելազօրքին եւ թրքական կանոնաւոր բանակին, նոյնիսկ թրքական թնդանօթներուն անձնապէս դէպի հայկական թաղերը ուղղութիւն կուտան։ Հայեր 8 Յունիսին թուրքերը ետ կը մղեն եւ բաւական թիւով թնդանօթ կը գրաւեն։ Յարձակումներու 9-­րդ օրը կողմերը կ’ընդունին զինադադարի պայմանները. քաղաքը պաշտպանող մօտ 1000 հոգի իրենց զէնքերով ազատօրէն Պարսկաստան պիտի կարենան երթալ եւ Օսմանեան Կայսրութիւնն ալ Վանի հայերուն վրայ ճնշում պիտի չգործադրէ։ Վանը պաշտպանող երիտասարդութեան մեծ մասը քաղաքէն հեռանալէ յետոյ ճամբան կոտորածի կ’ենթարկուի։ Թուրք ու քիւրտ հրոսակներ ալ անպաշտպան ժողովուրդը սուրէ կ’անցնեն, կ’այրեն եկեղեցիներն ու քաղաքի Այգեստան թաղամասի մեծ մասը։ Այս իրադարձութիւնները կը կոչուին «Վանի մեծ դէպք»­ը, որմէ ազատուածներէն մաս մը կ՛ապաստանի Ս. Էջմիածին։ 

1844­ի մարդահամարը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կատարուած մարդահամարներուն մէջէն ճշգրիտ նկատուած առաջին մարդահամարն է։ Այս մարդահամարի համաձայն կայսրութեան մէջ կը գտնուի 2,400,000 հայ, որոնց 2,000,000­ը կը բնակի Փոքր Ասիոյ նահանգներուն մէջ, իսկ մնացեալը` Եւրոպական հողամասին վրայ։ 1877­ի պետական տարեգրքին (Salname devleti Osmaniye­ Սալնամէ տէվլէթի Օսմանիյէ) համաձայն ալ հայոց թիւը նոյնն է։ 

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի տուած տեղեկութեան համաձայն 1910­ին Վան նահանգի հայ բնակչութեան թիւը 191,000 է։ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանին 1912­ի տուեալներուն համաձայն Վան նահանգի մէջ կը բնակէին 185,000 հայեր, 72,000 քիւրտեր (քաղաքաբնակները թրքախօս էին եւ ինքզինքնին օսմանացի կը նկատէին), 47,000 թուրքեր, 25,000 եզիտներ։ Թէոդիկ (Թէոդորոս Լապճինեան 1873- 1928), իր հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը» տարեգրքի 1922 տարւոյ թուին մէջ, 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայոց թիւը 197,000 ըլլալով ցոյց կուտայ։

 

Նարեկայ Վանքի համալիրը 1915-էն առաջ  

 Նարեկայ Վանքի համալիրին տեղ այժմ գտնուող շէնքեր 

Վանի մէջ կային 11 հայկական (մին Քաղաքամէջը, միւսները Այգեստանի մէջ, 2,180 աշակերտութեամբ) 6 ամերիկեան եւ 9 ֆրանսական դպրոցներ, իսկ կուսակալութեան սահմաններուն մէջ ալ՝ 120 հայկական վարժարաններ։ Կար մօտ 4,000 աշակերտութիւն, որուն 3,000 կը յաճախէր ազգային վարժարան։ Քաղաքին մէջ կային 8 քարաշէն եկեղեցիներ` Ս. Էջմիածին, Ս. Ծիրանաւոր, Ս. Նշան կամ Ս. Տիրամայր, Ս. Պետրոս, Ս. Պօղոս, Ս. Սահակ, Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Վարդան , որոնցմէ 2-ը վնասուած են «Մեծ դէպք»­ի ընթացքին։ 

Քաղաքի մզկիթներէն Խոսրովիյէի շինութիւնը (1558) կը վերագրուի հայազգի ճարտարապետ Սինանի։ 

Վանի մէջ գոյութիւն ունեցած են 5 տպարաններ, ուր տարբեր տարիներուն հրատարակուած են 24 հայերէն թերթեր։ 

Կովկասեան ռազմաճակատէն նահանջող Օսմանեան բանակը, քիւրտ հրոսակախումբերու հետ միասնաբար,1915-ի գարնանը կատաղութեամբ կը սկսի ջարդի ու կոտորածի։ Գիւղերէն փախչողներ Վան կ’ապաստանին։ Վան քաղաքի հայ բնակչութիւնը 23,000-է կը բարձրանայ 70,000-ի։ Թուրքեր կը պաշարեն հայաշատ Այգեստանը, որով անոր քաղաքի կեդրոնի՝ Քաղաքամէջի 3,000 հայերու հետ կապը կը խզուի։ Ջարդէ խուսափելու համար մեկուսացած եւ ռազմանիւթէ զուրկ Վանեցին կը սկսի պատրաստել վառոդ, փամփուշտ, նոյնիսկ կը ձուլէ 2 թնդանօթ։ Թուրքերը կը ռմբակոծեն Այգեստանը եւ զգալի վնաս կը հասցնեն։ Հայեր կը գրաւեն հեռագրատունը եւ կը պայթեցնեն հայկական թաղերու մէջ գտնուող զօրանոցը։ Քաղաքամէջի հայերն ալ կը պատրաստուին ինքնապաշտպանութեան։ Կը գրաւեն շարք մը կառավարական շէնքեր, կը պայթեցնեն զինապահեստանոցը։ 

 

Արծաթեայ բաժակներ 8-րդ դար  Ոսկի օղ – Ուրարտական շրջան 

Առաջին տաս օրը կ’ընթանայ յօգուտ հայերու։ Երկրորդ տասօրուայ ընթացքին թրքական բանակը կը ստանայ նոր ուժեր եւ կը շարունակէ ռմբակոծել։ Կ’անցնին յարձակման, սակայն հայեր զիրենք կը պարտադրեն նահանջի։ Ապրիլի 28-ին թուրքեր կը ձեռնարկեն նոր յարձակումի։ Թրքական հրետանին կը վարէին գերման սպաները։ Ռուս բանակի ու Անդրանիկի կամաւորական ջոկատներու մօտեցման լուրով թուրքերը փախուստ կուտան։ Քաղաքը կ’ազատագրուի Մայիսի 3 (16)-ին։ Հայեր կը հրկիզեն Հաճը-Պէքիր զօրանոցը ու Վանի բերդին վրայ կը բարձրանայ հայկական դրօշակը։ Կը կազմուի Վանի ու շրջանի ժամանակաւոր վարչութիւն։ Յուլիսի 2 (15)-ին ռուս բանակը կը քաշուի։ Հայ բնակչութիւնը կը հեռանայ քաղաքէն։ Թուրք բանակը առանց կռուի կը մտնէ քաղաք ու հոն մնացած մի քանի հարիւր հիւանդները, վիրաւորները, կիները, երեխաները ու ծերերը կը ջարդէ։ Մի քանի օր վերջ ռուսեր դարձեալ կը գրաւեն քաղաքը, բայց թուրքերը զայն թալանած եւ հրկիզած էին։ Գաղթած վանեցիներու մէկ մասը կը վերադառնայ։ Ռուս զինուորներն ալ կը թալանեն գիւղերը եւ կազմուած տեղական կառավարութիւնը կաթողիկոսէն կը խնդրէ պատկան մարմիններու մօտ բողոք կատարել։ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան հետեւանքով ռուս բանակը ետ կը կանչուի։ 1918-ի Փետրուարի 26-ին Կարնոյ (Էրզուրում) հայերը քաղաքը կը թողուն թուրքերուն, իսկ Մարտի 3 (16)-ին Ռուսերը թուրքերուն կը նուիրեն Կարսն ու Արտահանը։ Վասպուրականի իշխանութիւնը Մարտի 28-ին (Ապրիլի 10-ին) գաղթի որոշում կուտայ։ Վանեցիներու մեծամասնութիւնը կը գաղթէ Արեւելեան Հայաստան, մաս մը՝ Պարսկաստան, Իրաք, ուրիշներ՝ զանազան երկիրներ։ 

Վանի ինքնապաշտպանումը արգելք կը հանդիսանայ երիտթուրքական կառավարութեան Վասպուրականի հայութիւնը տեղահանելու եւ կոտորելու ծրագրի իրագործման։ Խթան կ’ըլլայ ուրիշ հայաշատ քաղաքներու ինքնապաշտպանութեան կազմաւորման։ 

 

 Վանը այսօր  

Թուրքիոյ Հանրապետական շրջանին Այգեստանի մօտ կը կառուցուի նոր քաղաքը։ Քաղաքը այժմ ունի արդիական տեսք, բացուած են արդիւնաբերական զանազան գործարաններ, համալսարան։ 1970­ին քաղաքի երկաթուղային գիծը կը միացուի երկրին ու Պարսկաստանի երկաթուղային ցանցին։ 1987­ին պարսկական սահմանը կը բացուի առեւտուրի։ Թուրքերը Վան նահանգի մէջ տակաւին մեծ թիւով բնակչութիւն չեն հաստատած, որով նահանգի բնակչութեան 98 առ հարիւրը քիւրտերն են։ 

Հէնրի Լինչ՝ իրլանտացի հայագէտը [Henry F .B. Lynch (1862-1913)], 1893 եւ 1898 թուականներուն դէպի Հայաստան երկու անգամ կը ճամբորդէ եւ կը պտըտի զանազան քաղաքներ։ Իր ուսումնասիրութիւնները կ՛ամփոփէ, Լոնտոն 1901 թուին հրատարակուած, «Armenia» ստուարածաւալ աշխատութան մէջ։ Լինչ իր այդ աշխատութեան մէջ կը յիշէ Վանի հայ ժողովրդի քաղաքի մասին մէկ ասացուածքը. «Վանն այս աշխարհում, արքայութիւնն այն աշխարհում»։ Ինքն ալ կը վկայէ, թէ բնութիւնը այս վայրը մարդու համար ստեղծած է որպէս երկրային դրախտ։ Սակայն Վան հայ ժողովրդի համար կ’ըլլայ դժոխք։ 

 Արմէն Քիւքճեան             

http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2010
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728

Արխիւ