ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Ներքին Գործոց Նախարարութեան 20 Օգոստոս 1998 թուակիր եւ 194008 համար հրամանագրով հաղորդուած Նախարարաց Խորհուրդի 18 Սեպտեմբեր 1961 թուակիր եւ 5-1654 համար որոշմնագրի տրամադրութեանց համաձայն 4 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք։ Նախարարաց Խորհուրդը 2 Նոյեմբեր 1998 թուակիր եւ 98-11964 համար որոշմնագրով Նորին Ամենապատուութեան շնորհած էր արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրելու արտօնութիւն։

Մինչեւ իր անհանգստանալը, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը հովուապետական ցուպ ի ձեռին շուրջ ինը տարիներ կատարեց իր պաշտօնը, հաւատարիմ մնալով իր ուխտին։

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը նկատի ունենալով Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ընտրուած ըլլալու հանգամանքը, 24 Դեկտեմբեր 2008ին յայտարարած էր Նորին Ամենապատուութիւնը ցմահ հոգեւոր պետ ճանչնալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ ապրող մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։ Նաեւ 2 Մարտ 2009ին որոշած էր ի պահանջել հարկին դիմում ներկայացնել աթոռակից-պատրիարքի մը ընտրութեան համար։

Այսու մերազն ժողովուրդին կը յայտարարենք, թէ Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 13 Նոյեմբեր 2009ի նիստին որոշած է աթոռակից-պատրիարքի ընտրութեան դիմում ներկայացնել։

Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպիսկոպոս Սվաճեան, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան 3 Դեկտեմբեր 2009, Հինգշաբթի, ժամը 15.15ին ներկայացան Կուսակալութեան պաշտօնարան եւ դիմումնագիրը յանձնեցին Ստանպուլի Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրի։

Մեծայարգ Կուսակալը հետաքրքրուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակով, խոստացաւ նկատի ունենալ ներկայացուած խնդրանքը եւ փոխանցել Ներքին Գործոց Նախարարութեան առ ի տնօրինութիւն պատշաճին։

Սրբազան հայրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ջերմ ընդունելութեան, մանաւանդ Նորին Ամենապատուութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։

3 Դեկտեմբեր 2009
8992
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Աղբիւր՝ Lraper.org

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2009
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ