Լոյս տեսաւ պատմաբան ու լեզուագէտ Բարսեղ Թուղլաճեանի կոթողային «Պատմութեան Տեւողութեան Արեւմտահայերը» (Թարիհ Պոյունճա Պաթը Էրմէնիլէրի) գործի չորրորդ հատորը, որ վերջընթերն է: Այժմէն ըսենք որ շարքը իր լրումը պիտի գտնէ հինգերորդ ու վերջին հատորով:
Չորրորդ հատորն ալ, որ այնքան գեղատիպ ու ծանրածանր գիրք մըն է մօտաւորապէս 800 էջերով, Արեւմտահայերու պատմութիւնն ու ժամանակագրութիւնը կը բերէ 1923-էն մինչեւ 1966: Ասիկա կը նշանակէ որ պատմութիւնը այլեւս սկսած է զարնել մեր ժամանակաշրջանին դռները: Բախտորոշ շրջան մը մասնաւորաբար թրքահայերու համար, որոնք Հանրապետութեան հռչակումէն ասդին, մինչեւ 1966, կը շարունակեն ապրեցնել իրենց համայնքային, մշակութային ու ընկերային բեղուն կեանքը: Ինչպէս նախորդ հատորներու հրատարակութեան ընթացքին նշած ենք, Բարսեղ Թուղլաճեան ամէն տարի ամիս առ ամիս, օր առ օր կը շարայարէ իւրաքանչիւր թուականի սա կամ նա անցուդարձը: Ամէն ինչ կայ այս անցուդարձերուն մէջ, եւ մենք կրնանք հիանալ ու զարմանալ Բարսեղ Թուղլաճեանի արխիւային աշխատանքի ճոխութեան վրայ, բան մը որ կը փաստէ թէ հեղինակը տակաւին առաջին մէկ օրէն իր մտքին մէջ ունեցած է այսպիսի աշխատասիրութիւն մը պատրաստելու ծրագիրը ու կուտակած է նիւթերը, իրենց լուսանկարներով միասին: Անշուշտ որ անցուդարձերու պատճէնը խիստ կարեւոր է, բայց նոյնքան կարեւոր է լուսանկարներու շարայարումը:
Հինէն ի վեր մեր մասնաւոր հիացումին արժանացած է մասնաւորաբար գիրքերու ու թերթերու առաջին էջերու լուսանկարները, որոնք մեր կարծիքով այս աշխատասիրութեան շատ կարեւոր մէկ բաժինը կը կազմեն: Հոս եւս կարելի է հարց տալ թէ հեղինակը ի՞նչպէս կրցած է առաջին օրէն ի վեր ապահոված ըլլալ բոլոր հրատարակութիւններուն առաջին էջերը, այսինքն գիրքերուն անուանաթերթերը, կամ այլեւս վաղուց մոռցուած թերթերու ու հանդէսներու միշտ առաջին թիւին առաջին էջին լուսանկարները: Այս լուսանկարները, բացի գիտական իրենց նպաստը բերելէն կը ստեղծեն նաեւ արուեստի որակ մը: Եւ նոյնը կը պատահի ամէն նիւթէ ներս: Շարժանկարի ժապաւէններու գունաւոր որմնազդները, շէնքերու լուսանկարները, ընկերային ու մշակութային կեանքէ ներս իրենց ներդրումը ունեցող յայտնի հայ գործարարներու, ճարտարարուեստագէտներու ու հանրային գործիչներու դիմանկարները, բարձրաստիճան հոգեւորականներու կենսագրութիւններն ու գործունէութիւնը, երգչախումբերու կամ այլ մարմիններու շատ հետաքրքրական խմբանկարներ, անմոռանալի համերգներու յայտագիրներուն լուսանկարները, մարզական անցուդարձեր եւ դեռ ամէն ինչ: Եւ այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ նաեւ Սփիւռքեան զանազան կեդրոններու մէջ հայերու գործունէութեան համայնապատկերը: Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած բոլոր հայերէն կամ օտարալեզու գիրքերուն քով կարելի է տեսնել նոյն թուականին Սփիւռքի մէջ հրատարակուած գիրքերու ու թերթերու անուանաթերթերը: Եւ քանի որ պատմութիւնը եկած-հասած է մինչեւ 1966, հին սերունդէ անձերու համար այս գիրքին էջերուն մէջէն կը բացուին կարօտներու ու յիշողութիւններու բռնկումներ: Բարսեղ Թուղլաճեան անցեալը այս կերպով կը քանդակէ իր երեւակայելի ու աներեւակայելի բոլոր մանրամասնութիւններով:
Կը շնորհաւորենք պատմաբան Բարսեղ Թուղլաճեանը, որ յաջողած է իրականացնել այս այնքան բազմածախս հրատարակութեան չորրորդ հատորն ալ: Բարի երթ կը մաղթենք դէպի հինգերորդ հատորը, որ մեր իսկ պատմութիւնը պիտի հասցնէ մինչեւ մեր ապրած սա օրերը:
Աղբիւր՝ ՄԱՐՄԱՐԱ
Leave a Reply