Թուրքիոյ վարչապետը փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ

20090815-Erdogan-1

Կղզեաց Քաղաքապետութիւնը, Կղզեբնակ անհատներ ու Կղզիի ոչ-քաղաքական մարմինները, Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Մեծ Կղզի այցելութեան առիթով, 15 Օգոստոս 2009, Շաբաթ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեցին Անատօլու Ակումբի կեդրոնին մէջ։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, սոյն ճաշին մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանտ Մոսքոֆեան, Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ատենապետ Իսկենտէր Շահինկէօզի։ Ներկայ էր Սեւծովեան Համագործակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեան, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Վարչապետ Էրտողանի կ՚ընկերանային Պետական Նախարար եւ Վարչապետի Օգնական Պիւլէնթ Արընչ, Եւրոմիութեան գլխաւոր բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ, Կրթական Նախարար Նիմէթ Չուպուքճու, Մշակութային եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, Պետական Նախարար Ֆարուք Չէլիք, Ստանպուլի Կուսակալ Մուամմէր Կիւլէր, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշ եւ այլ բազմաթիւ պետական դէմքեր։

Հրաւիրեալներու կարգին ու պատուոյ սեղանին վրայ էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Մետրոպոլիտը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, հիւպատոսներ եւ ուրիշներ։

Ճաշի ընթացքին բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Իրաւաբան Քէզպան Հաթէմի, հակիրճ ակնարկ մը նետեց Իշխանաց Կղզիներու անցեալին վրայ ու ընդգծեց Թուրքիոյ Վարչապետին փոքրամասնութեանց խորհրդանիշը դարձած այս կղզիներուն վրայի ներկայութեան կարեւորութիւնը։ Ապա Հաթէմի, Վարչապետ Էրտողանին յանձնեց ընդարձակ տեղեկագիր մը, ուր մանրամասնութեամբ իր ուշադրութեան կը յանձնուէին փոքրամասնութեանց զանազան հարցերը։

Ապա խօսք առաւ Վարչապետ Էրտողան եւ ըսաւ. «Պետութեան համար ոչ մէկ խտրութիւն կայ հայրենակիցներու միջեւ ու կը ջանանք նոյն ծառայութիւնը տանիլ բոլորին»։ Վարչապետը անդրադարձաւ իր նախկին պաշտօններուն ու պետական ծառայութեան մտնելէ առաջուան օրերուն ու ըսաւ թէ ունեցած է բազմաթիւ Հայ ծագումով ընկերներ, որոնց հետ մտերիմ բարեկամներ եղած եւ միասին գնդակ խաղացած է։ Ան, ըսաւ թէ կան որոշ խոչնդոտներ, սակայն ասոնք ալ պիտի հարդուին։ Ասոր համար է որ ինք ու իր ծառայակիցները կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։

20090815-Erdogan-2Մօտ մէկուկէս ժամուան ճաշէն յետոյ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեան անձնական զրոյց ունեցաւ Վարչապետ Էրտողանին հետ, ինչպէս նաեւ Կրթական Նախարար Նիմէթ Չուպուքճուի հետ։

Ճաշի աւարտին Վարչապետ Էրտողան մասնաւոր զրահուած ինքնաշարժով մը պտոյտի ելաւ Կղզիի վրայ, իսկ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկ. եւ ընկերակիցնրը հրաժեշտ առնելով վերադարձան քաղաք։
20090815-Erdogan-3

Աղբիւր՝ Lraper.org

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2009
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ