ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթը կը գրէ, որ Պաթմանի հայ բնակիչները սկսան ետ պահանջել իրենց այն եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները, որոնք 1915էն ետք անտէր մնացած են։
«Սասունցի հայերու ընկերային օժանդակութեան եւ մշակոյթի միութիւնը», որ 1915ին Պիթլիսէն, Պաթմանէն, Մուշէն, Վանէն խոյս տուած կամ քիւրտերու մօտ ապաստանած հայերու թոռներուն կողմէ հիմնուած է Պոլսոյ մէջ, շարժման անցաւ, որպէսզի ետ պահանջէ հայերու եկեղեցիները, գերեզմանատուներն ու այլ կալուածները:
2006ին հիմնուած այս միութեան վարչութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը կը յայտնէ, որ ներկայիս «թափուի» գրասենեակներու մէջ աշխատանք կը տանին, սկսելով Պաթմանէն։ «Միութիւնը հիմնուեցաւ Պոլսոյ մէջ, որովհետեւ քաղաքին պաշտօնեաները աւելի վարժ են ոչ իսլամներու հետ գործ ունենալու», ըսաւ Տաղճը։
Լքեալ գոյքերը գրաւուած են եւ եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները տարբեր նպատակներու համար գործածուած կամ երրորդ անձերու անուան ծախուած ու արձանագրուած են։
Օրինակ, Պաթմանի «թափուի» վարչութեան մօտ դիմում կատարուած է Մարէթօ լերան վրայ թալանի ենթարկուած ու իբր ախոռ գործածուած Կոմկ եկեղեցիին ու Արծուիկ (Տիքմէ Թաշ) գաւառակի Այքոնաք գիւղի եկեղեցիին ու գերեզմանատան պաշտպանուելուն ու անոնց դարձեալ հայերու անունով արձագրուելուն ի նպաստ։
Տաղճը աղերսագիր մը տուած է Պաթմանի կուսակալութեան ու դիտել տուած է, որ շրջանին մէջ որեւէ միջոցառում չկայ հայերու պաշտպանութեան համար, յաճախ յարձակումներու կ՚ենթարկուին ու ասոր միակ պատճառը անոնց հայ ըլլալն է։
Աղերսագրին մէջ Տաղճը յիշեցուց, որ Լօզանի դաշնագրին համաձայն փոքրամասնութիւններու եկեղեցիները, գերեզմանատուները պաշտպանութեան տակ պէտք է առնուին ու տարբեր նպատակներու համար պէտք չէ գործածուին, կամ անհատներու պէտք չէ վաճառուին։ Այս կալուածներուն վրայ կատարուած գործողութիւնները ժամանցի ենթարկուած չեն կրնար նկատուիլ նոյն դաշնագրի համաձայն։
Leave a Reply