ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղա Մոհամէտ շահին պարսկական բանակը Վարանդայի մելիք Ջումշուդի առաջնորդութեամբ Շուշի մտած էր 1797¬ի մայիսի վերջաւորութեան:
Շուշիի տիրելէն ետք Աղա Մոհամէտ շահ որոշեց պատժել հայ եւ թուրք բոլոր ազդեցիկ անձերը, որոնք Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խանին կուսակիցներ էին եւ Շուշիի բերդի առաջին պաշարման ժամանակ կռուած էին իր դէմ: Անոնց շարքին էին գիւլեաթաղցի Ռուստամ բէկ (որ Ղարաբաղի խանին կողմէ Ջրաբերդի մելիք նշանակուած էր), Խնձրիստանի մելիք Ալլահվերդի Մելիք Միրզախանեան, քանի մը հոգեւորականներ, իւզպաշիներ եւ տանուտէրեր, ինչպէս նաեւ Շուշիի իսլամներու հոգեւոր պետ եւ Ղարաբաղի խանութեան վեզիր մոլլա Փանահ Վագիֆ, Իպրահիմ Խալիլ խանի եղբօրորդի Մոհամէտ բէկ եւ ուրիշ քանի մը բէկեր եւ աղաներ: Անոնք բոլորն ալ բանտարկուեցան:
* * *

Շուշի մտած պարսկական բանակը աղէտ դարձաւ ժողովուրդին համար:
Պարսիկներ սկսան աւերել Ղարաբաղը, որովհետեւ հաց չկար եւ ժողովուրդը չէր կրնար բաւարարութիւն տալ անողոք զինուորներուն:
Զօրքը մեծ դժուարութեամբ ուտելիք կը ճարէր: Ոչ գանձարանին մէջ դրամ կար, ոչ ալ վաճառող, որ զինուորները գնէին: Զինուորները ստիպուած էին յափշտակութեամբ յագենալ: Անճար մնացած զօրքերը սկսան բռնութեամբ մտնել շուշեցիներու տուները եւ ուր ինչ կը գտնէին կը խլէին, իսկ չտուողը կամ ընդդիմացողը կը սպաննէին:
Զինուորները կտոր մը հաց ճարելու համար իրարու կ՛օգնէին եւ սկսած էին անհնազանդութեան նշաններ ցոյց տալ: Անոնք հաւաքուեցան խանական պալատին առջեւ եւ գոռացին. «Անօթի ենք, կամ հաց տուէք մեզի, կամ հրաման` երթալու մեր տուները»:
Շահի թիկնապահներուն մէջ իսլամացած հայ մը կար, որ ականատեսի վկայութիւններ տալով կը յիշէ. «Ողորմելիքն (Շուշիի բնակիչները) գանգատւում էին, բայց ո՞վ էր նոցա լսողը: Եթէ բնակչաց բողոքացն լսելով` զօրականներին պատժում էին, զօրականներն էլ միմեանց աջակցութեամբ – իրաւունք ունէին քաղցածութեան համար միմեանց օգնել – անհնազանդութեան նշաններ էին ցոյց տալիս: Զօրականքն երկու անգամ ժողովեցան շահի դրանը եալլահ, եալլահ գոռացին, թէ քաղցած ենք. հաց տուր մեզ կամ հրաման տուր գնանք մեր տներն»:

Զօրքին ցոյց տուած անհնազանդութեան պայմաններուն տակ շահը սկսաւ կասկածիլ եւ մտածել որ իր աւագանին հաւանաբար դիտմամբ զինուորներուն սահմանուած ուտեստեղէնը կը թաքցնէ եւ զանոնք կը դրդէ խռովութիւն բարձրացնելու: Հաւանաբար գլխաւորաբար պարսիկներէ բաղկացած պալատական աւագանին եւ թուրքերէ բաղկացած սպայակոյտն ու զօրավարները իրարու թշնամի են:
Իսլամացած հայ թիկնապահը կը վկայէ. «Էս պատճառ էր տուած շահին կասկածել, որպէս թէ իւր աւագանիքն են էս զօրաց անբաւականութեան պատճառն կամ սովորեցնողքն: Սրա էլ պատճառն էն էր, որ պալատականները եւ զօրավարները միմեանց թշնամի էին. այսինքն ֆարսերն ու թուրքերն երկու կողմնակցութիւնից էին բաղկացրած»:
* * *

Աղա Մոհամէտ շահ առանձին-առանձին իր մօտ կանչեց երկու կողմերէն ներկայացուցիչներ, մտիկ ըրաւ զանոնք, քանի մը հոգի պատժեց, քանի մը հոգի պաշտօնանկ ըրաւ եւ նոր նշանակումներ կատարեց: Ան պաշտօններու այնպիսի բաշխում կատարեց եւ այնպէս կարգադրեց, որ պարսիկներն ու թուրքերը չկարենան միաբանիլ եւ իր դէմ դաւել:
Հայազգի թիկնապահը կ՛ըսէ. «Շահն էս բաների վրայ ժանտացած էր: Երկու կողմանցն էլ ունկն էր դնում, երբեմն մինին, երբեմն միւսին առանց ճիշտ վերահասութեան պատժել էր տալիս եւ պաշտօններնին առնում ձեռքերնուցը ու անարժան կամ վատազգի մարդկանց տալիս: Զարմանք էլ չէր, որ խորագէտ շահն էս հնարքն էր գործ դնում, որպէսզի երբեք չհամաձայնուեն իւրեան կորստեանը համար»:

Մատնութիւններն ու քսութիւնները օրըստօրէ կը սաստկանային պալատականներուն, զօրավարներուն եւ զինուորներուն մէջ, եւ իրարու հանդէպ վստահութիւնը խախտած էր: Ոչ ոք կը համարձակէր լաւ կամ վատ խօսիլ միւսին հետ. լռելն անգամ վտանգ կը բերէր մարդոց: Շշուկներ կը տարածուէին որ շահը հրամայած է պահապանները աւելցնել եւ գիշերային հսկողութիւնը խստացնել: Շահին բոլոր մերձաւորներն ու երեւելիները իրենց կեանքը վտանգի տակ կը տեսնէին: Օր չէր անցներ որ անոնցմէ մէկ-երկու հոգի, սուտ կամ ճշմարիտ, յայտնի կամ անյայտ պատճառով մահապատիժի չենթարկուէր: Այդ պատճառով ալ մարդիկ իրարու մօտ երթալ գալը կտրած էին: Մահապատիժի ենթարկուածներու թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնար: Շահը նաեւ հարուստներէն եւ աւագանիէն բռնութեամբ դրամ կը հաւաքէր:
Աղա Մոհամէտ շահ սկսաւ կասկածիլ նաեւ իր եղբօրորդիներէն եւ հրամայեց անոնց Շուշիի բերդէն դուրս ելլել եւ ուր որ կը փափաքին հոն վրան լարել, որպէսզի երբեմն իրենց մօտ նախաճաշի եւ ընթրիքի հիւր ըլլայ:
Հեծելազօրքը բերդէն դուրս բանակած էր, որովհետեւ ներսը կեր եւ կերակուր չկար, եւ շահին հայազգի թիկնապահը միայն հարիւր ձիաւոր ունէր մօտը պատրաստ, որ երբ շահը ձի հեծնէր, ինք եւս իր ձիաւորներով հետեւէր անոր:
Թիկնապահին միշտ երեկոյեան պահուն` առաւօտեան համար, եւ առաւօտեան` յետմիջօրէին ձիավարելու համար, դուռէն լուր կու տային:
* * *
Ուտեստեղէն ճարելու համար շուշեցիներուն վրայ զինուորներուն ի գործ դրած բռնութիւններու եւ յափշտակութիւններու պայմաններուն տակ հարիւրաւոր կանայք իրենց երեխաներուն հետ փորձեցին հասնիլ շահին եւ իրենց բողոքը արտայայտել: Ուրբաթ օր մըն էր, երեկոյեան դէմ, եւ շահը ձի հեծած կը վերադառնար իր եղբօրորդիներուն մօտէն: Կիներ երեխաներուն ձեռքէն բռնած լալով ու ճչալով ձիուն ոտքերուն առջեւ նետուեցան, եւ ձին խրտչեցաւ:
Շահը բարկացաւ զինք շրջապատող սպասաւորներուն եւ աւագանիին վրայ, որ թոյլ տուած են կիներուն ու երեխաներուն այդքան մօտենալ իրեն, հայհոյեց եւ սպառնաց յաջորդ օր արեւածագին դատաստան տեսնել:
Աղերսարկու կանայք, տեսնելով շահին զայրոյթը, սկսան փախչիլ, բայց զինուորները փայտերով վրանին յարձակեցան եւ ծեծեցին զանոնք:
Նոյն պահուն շահը իր հայ թիկնապահին հրամայեց իմանալ կանանց խնդիրքը:
Կանանց փոխարէն սպիտակամօրուս քանի մը տղամարդիկ մօտեցան եւ պատմեցին որ զինուորները անիրաւութիւններ կը գործեն, տուները կը մտնեն ու կը կողոպտեն, ինչ տունէ ծուխ կը բարձրանայ` պատերէն կը թափին, ինչ կը գտնեն` բռնութեամբ կը տանին, ողորմելի կիները կը չարչարեն` որպէսզի պահուած դրամ, պղնձեղէն եւ հագուստեղէն ինչ որ ունին` ցոյց տան:
Շահը կիներուն փոխանցեց ըսելով որ անկարգութիւն ընող զինուորները վաղը պիտի պատժուին:
* * *
Պալատ հասնելէն ետք շահը իր առանձնասենեակը քաշուեցաւ: Թագաւորին անողոքելի կերպարանքէն սարսափած` ոչ ոք համարձակեցաւ մօտենալ անոր:
Երեկոյեան, երբ մուէզզինը աղօթքի հրաւէրը կարդաց, Աղա Մոհամէտ շահ լուացուեցաւ, գորգը փռեց եւ ծնրադրելով սկսաւ աղօթել: Նոյն պահուն մօտը եկաւ Սատէգ խան: Շահը զայրացաւ, որ այդ ստոր ստրուկը համարձակած է առանց իր կանչելուն ներս մտնել: Սատէգ խան յայտնեց, որ զինք շահին անունով կանչած է Սաֆար Ալի բէկ:
Սաֆար Ալի, որ շահին սիրելի սենեկապետներէն մէկն էր, հաստատեց որ ինք շահը հրամայած էր կանչել Սատէգ խանը:
Աղա Մոհամէտ շահ կատղած` ատրճանակի փողը ուղղեց սենեկապետի կուրծքին, բայց յետոյ ետ քաշելով հրամայեց կտրել Սաֆար Ալիի ականջները, որոնք լաւ չեն լսեր: Հրամանը իսկոյն կատարուեցաւ:
Շահը երդում ընելով ըսաւ որ առտուն ինք շատերու գլուխները կտրել պիտի տայ եւ այդ գլուխներով ամբողջ աշտարակ մը պիտի կանգնեցնէ Շուշիի մէջ:
Սաֆար Ալի շահին ոտքերը համբուրելով աղաչեց, որ ներում շնորհէ դատապարտուածներուն: Շահը մերժեց, եւ Սաֆար Ալի խնդրեց, որ գոնէ հայերուն խնայէ:
Աղա Մոհամէտ շահ սաստիկ բարկանալով ըսաւ. «Կարմիր արիւնով ցօղելով սեւ այգին (Ղարաբաղը), ես անոր վարդի գոյն պիտի տամ…: Առաւօտեան դաւաճաններու գլուխներէն հրապարակի վրայ աշտարակ կազմել պիտի տամ, որ Շամքորի մինարէէն բարձր ըլլայ, իսկ քու գլուխդ, Սաֆար Ալի բէկ, այդ աշտարակին գագաթը պիտի դնեմ»:
Սաֆար Ալի լաւ գիտէր որ թագաւորը ինչ որ ըսաւ, անպատճառ կը գործադրէ:
* * *
Շուշիի բերդին մէջ ուրբաթ, 16 յունիսէն շաբաթ, 17 յունիս 1797 լուսցող գիշերը ամէն մարդ անձկագին վիճակի մէջ էր. արեւածագին իրենցմէ ո՞վ պիտի գլխատուէր եւ ով ողջ պիտի մնար:
Չարագուշակ այդ գիշերը բերդին մէջ խորին լռութիւն կը տիրէր: Ոտքի էին միայն Սաֆար Ալի բէկ եւ իրեն մտերիմ այլ սենեկապետ մը` Աբաս բէկ Մազանտարանի: Իրարու հետ խորհրդակցելով` անոնք վճռեցին սպաննել թագաւորը:
Կէս գիշերը անց էր, արեւածագէն առաջ, երբ Սաֆար Ալի եւ Աբաս Մազանտարանի շահին ննջարանը մտան: Շահը խոր քունի մէջ էր: Անոր թանկագին մահիճին չորս կողմը, ոսկեայ աշտանակներու վրայ, ճրագներ վառուած էին:
Հազիւ ննջարան մտած, Աբաս բէկ երկիւղէն ուշաթափ եղաւ եւ գետին ինկաւ:
Շահը ձայնէն արթնցաւ եւ տեսաւ որ Սաֆար Ալի, կտրուած արիւնոտ ականջները թաշկինակի մէջ կապած, դաշոյնը ձեռքը մօտեցած է իրեն: Թագաւորը հասկցաւ որ ան վրէժ պիտի լուծէ:
Աղա Մոհամէտ շահ պառկած տեղէն կիսով չափ բարձրացաւ եւ տեսնելով որ պաշտպանուելու հնարաւորութիւն չունի, ձեռքը կուրծքին տարաւ եւ ըսաւ. «Թշուառական, դուն սպաննեցիր Իրանը»:
Սաֆար Ալի բէկ դաշոյնի քանի մը հարուածներով սպաննեց Աղա Մոհամէտ շահը:
https://www.aztagdaily.com/archives/548447