«Պաշտպանութեան տակ վերցնելով մեր սահմանները` մենք կրցանք տապալել մեր երկրին դէմ դաւադրութիւնը: Փառք Աստուծոյ, թոյլ չտուինք բեմագրութիւններ, որոնք պարտադրուած են այս հնագոյն շրջանին», Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ մարզադաշտի բացման ժամանակ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Անոնք, որոնք դէմ են մեր զինուորական գործողութիւններուն, թքած ունին ձեր կեանքին ու բարեկեցութեան վրայ այնքանով, որքանով որ կը պաշտպանեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու վարչակարգերը:
«Նոյնը տեղի ունեցած է Լիպիոյ եւ Ղարաբաղի տագնապներուն մէջ: Սակայն այս կացութեան մէջ մենք երբեք չենք ուշացած այն բանի դէմ, ինչ որ կը պահանջեն մեր երկրի եւ մեր ազգի իրաւունքներն են շահերը: Վերջերս մենք այցելեցինք Շուշի եւ անոր ազատագրման ուրախութիւնը կիսեցինք մեր եղբայրներուն հետ:
«Այժմ մենք կը պատրաստուինք նոր քայլերու` նոյն մօտեցումով, այլ վայրերու մէջ: Եթէ Թուրքիան ի վիճակի չըլլայ անվտանգութեան այդքան ամուր գօտի ստեղծել իր սահմաններէն դուրս, ապա անոնք մեզի ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ ալ բարեկեցութիւն կու տան մեր սեփական հողերուն վրայ», նշած է Էրտողան:
https://www.aztagdaily.com/archives/513822