ԱՐՏԱՇԱՏ

Արարատ լեռը, Խորվիրապի Վանքը եւ Խորվիրապի բլուրները,
ուր կը գտնուէին Արտաշատի միջնաբերդը եւ պարսպապատ թաղերը

Քաղաքի եւ Արտաշէսեան Թագաւորութեան (Ք.Ա. 189 – Ք. Վ. 1) հիմնադիրն է Արտաշէս Ա. (Ք.Ա. 189-160). ԱՐՏԱՇԱՏ կը հիմնուի Ոստան գաւառի մէջ, Երասխ (Արաքս) եւ Մեծամօր գետերու հին հուներուն իրարու խառնուած տեղը, Խոր Վիրապի բլուրներուն վրայ. Այս տարածքի վրայ այժմ կ ‘երեւին հին քաղաքի պարիսպները եւ շէնքերու հետքեր. Դարերու ընթացքին Երասխ մի քանի անգամ հուն կը փոխէ. Այդ թուականներուն Երասխը եւ Մեծամօրը շատ աւելի ջրառատ գետեր էին. Մեծամօրին կը խառնուէին Քասախը, Հրազդանը եւ Ազատը.

Ըստ յոյն փիլիսոփայ եւ պատմագիր Պլուտարքոսի (Плутарх), (46-127) `քաղաքի վայրը ճշդած ու յատակագծի նախագիծը պատրաստած է հռոմայեցիներէն փախչելով Արտաշէսի մօտ ապաստան գտած գարթակենցի նշանաւոր զօրավար Աննիպալը (Հաննիպալ) (карфагенского Ганнибала). Մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ արձանագրած.

Քաղաքին երեք կողմը շրջապատուած է գետի ջրով, իսկ չորրորդ կողմը, ջրով լեցուող արուեստական խրամով. Քաղաքը շրջապատուած է նաեւ հսկայածաւալ պարիսպներով. Քաղաքի միջնաբերդը ունի երկու շարք պարիսպ. Ասոնք այնպէս մը կը շինուին, որ վտանգի պահուն կարելի է զանոնք առանձին բերդերու վերածել. Կը շինուին նաեւ պալատներ եւ մեհեան.

Միջնաբերդին մէջ կը գտնուի արքունի դղեակը ու մահապարտներու համար 6 մեթր խորութեամբ ու 4,4 մեթր տրամագծով հսկայական քարապատ փոս մը. Այդ փոսը յառաջիկային կը կոչուի Խոր Վիրապ. Կը դառնայ նշանաւոր, շնորհիւ հոն նետուած մահապարտի մը, Գրիգոր Լուսաւորչի.

Հայ եւ օտար պատմիչներ շեշտած են քաղաքի մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը. Օտարներ քաղաքը կը կոչեն նաեւ «Հայոց Կարթագէն» – ը.

Յոյն պատմագիր Ստրաբոն (Страбон) (Ք.Ա. 64 / 63 – Ք.Վ. 23 / 24) քաղաքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «…. գեղեցկօրէն շինուած է եւ երկրի թագաւորանիստ քաղաքն է. Ան կը գտնուի գետածոցին, որ նման է թերակղզիի եւ անոր շուրջը, բացի պարանոցի մասէն, պարսպապատ է, իսկ պարանոցը փակուած է խրամով եւ պատուարով ».

Ըստ Մովսէս Խորենացիի `Բագարանէն Արտաշատ կը փոխադրուին Անահիտ – Արտեմիսի արձանը եւ բոլոր հայրենական կուռքերը. Տիր – Աբոլոնի արձանը կը կանգնեցնեն քաղաքէն դուրս, ճամբուն վրայ. Երուանդաշատի ամբողջ վայելչութիւնները, ինչ որ Երուանդ Արմաւիրէն փոխադրած էր եւ ինք ալ աւելցուցած, կը բերուի Արտաշատ. Արտաշէս ինքն ալ գեղեցիկ շինութիւններով քաղաքը կը սարքաւորէ որպէս արքայանիստ քաղաք.

Արտաշէս բերրի ու ոռոգելի հողերով շրջապատուած Արտաշատը արագօրէն զարգացնելու նպատակով Երուանդաշատէն, Արմաւիրէն եւ ուրիշ տեղերէ մեծ թիւով բնակչութիւն կը տեղափոխէ. Կը զարգանան արհեստները. Պեղումներու ընթացքին կը յայտնաբերուին մեծ քանակութեամբ խեցեղէն, ապակեղէն եւ մետաղէ իրեր, ոսկիէ եւ արծաթէ սպասք ու զարդեղէն. Քաղաքը, գտնուելով « Մետաքսի Ճամբայ »- ին վրայ, կը դառնայ միջազգային առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն մին. Ըստ Ք. Ա. 4 – րդ դարու 60 – ական թուականներուն գծագրուած հռոմէական «Պեւտինգերեան քարտէս» – ի, Արտաշատի տեղը, որ ուրարտական շրջանին (Ք.Ա. 860-580) ալ բնակելի վայր եղած է, այդ շրջանէն իսկ առեւտրական ուղիներով կապուած է Պարսկաստանի, Վրաստանի, Միջագետքի եւ այլ երկրներու առեւտրական կեդրոններուն.

Արտաշատի մէջ կայ գանձատուն, մաքսատուն եւ փողերանոց, ուր կը կտրուի հայկական դրամ. Գտնուած են պղինձէ դրամներ, որոնց վրայ յունարէնով գրուած է Արտաքսատա, Արտաշատ. Այս փողերանոցին մէջ Տիգրան Բ. Մեծի (Ք.Ա. 95-56) համար ալ դրամ կը կտրուի.

Տուները հողէ շինուած են `հարթ տանիքով կամ կղմինտրածածկ, սենեակները, սալայատակուած. Բաղնիքները կեդրոնական ջեռուցումով են. Կրակարանի ծուխը եւ տաքութիւնը կաւէ խողովակներով կ ‘անցնի բաղնիքի յատակէն ու պատերուն մէջէն, տաքցնելով շէնքը.

Քաղաքի մէջ կան մի քանի կամուրջներ, որոնցմէ ամենահինը ու հռչակաւորը Երասխի վրայի «Տափերական» կամ «Արտաշատի կամուրջ» կոչուածն է.

Որոշ թաղամասի մը մէջ կը մշակուի որդան կարմիր միջատները, որոնց էգերէն կը ստացուի նշանաւոր որդան կարմիր ներկը, որու համար մեծ պահանջք կայ.

Արտաւազդ Բ .- ի (Ք.Ա. 55-34) օրով կը կառուցուի քաղաքին ամֆիթատրոնը եւ թատերական արուեստը բաւական կը յառաջանայ. Պարսիկներ Խառան քաղաքի մօտ, Ք.Ա. 53 թուականին, հռոմէական բանակը պարտութեան կը մատնեն. Այս յաղթանակի առթիւ, Արտաւազդ, ի ներկայութեան Պարսկաստանի թագաւոր Որոտէսի, Արտաշատի մէջ անձամբ կը բեմադրէ յոյն թատերագիր Եւրիպիդէսի «Բաքոսուհիներ» տրաման. Այս ներկայացման թուականը կը նկատուի որպէս հայոց թատրոնի ծագման թուական. Պլուտարքոս իր «Թագաւորներու եւ զօրավարներու ասոյթներ »գրքին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ Արտաւազդ յունարէնով գրած է ճառեր, պատմութիւններ եւ ողբերգութիւններ. Մատնանշուած այս գրութիւնները մեր օրերուն չեն հասած.

Արծաթէ դրամ, Արտաւազդ Բ.
յունարէն գրութեամբ

Արտաշէս Ա. Մեծ Հայքի ամբողջութիւնը հայոց թագաւորութեան դրօշակին տակ կը հաւաքէ. Իր պետութեան սահմանները կը ճշդէ, հայոց լեզուի տարածման շրջաններուն համաձայն. Կասպից ծովի արեւմտեան ափերէն մինչեւ Եփրատ գետը, Վիրահայոց լեռներէն մինչեւ Տաւրոսեան լեռնաշղթան. Այսպէսով իր աւարտին կը հասցնէ շատոնց սկսած հայ ժողովրդի կազմաւորման ընթացքը եւ այս կազմաւորումը քաղաքական իշխանութեամբ կ ‘ամրապնդէ.

Ստրաբոն, որ Ամասիա ծնած է, կը վկայէ, թէ իր շրջագայութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ խօսուած միակ լեզուն հայերէն է.

Արտաշէս երկիրը կառավարելու համար Հայաստանը կը բաժնէ չորս զինուորական շրջաններու. Անդրանիկ որդւոյն, Արտաւազդին, կը յանձնէ արեւելեան նահանգներու կառավարչութիւնը եւ հայոց բանակի սպարապետութիւնը. Երկրորդ որդին `Վրոյրը, կը նշանակէ տուրքերու, շինարարական ու արքունի գործերու կառավարիչ, երրորդ որդին, Տիրանը, արեւմտեան ու հինգերորդ որդին , Զարեհը, հիւսիսային շրջանի կառավարիչ. Քրմապետութիւնը, որ կարեւոր պաշտօններէն մէկն է, կը վստահի չորրորդ զաւկին, Մաժանին.

Արտաշէսի հրամանով գիւղերու սահմանները կը ճշդուին եւ կը դրուին հողաբաժան սահմանաքարեր. 1957 – ին Սեւանի հարաւ – արեւմտեան եւ 1971 – ին ալ Իջեւան շրջանի Թեղուտ գիւղի մօտ գտնուած այս սահմանաքարերու վրայի արձանագրութիւնները արամերէնով են.

Գորպուլոն (Корбулону), Հռոմի Կապադովկիայի կուսակալը, (54-63), 58 – ին, հռոմէական զօրքով Հայաստան կը ներխուժէ, կը գրաւէ Արտաշատը եւ 59 – ի գարնան, քաղաքէն հեռանալէ առաջ, հակահռոմէական շարժումներու, պայքարի ու Հայաստանի անկախութեան ձգտող ուժերու կեդրոն այս քաղաքը հիմնայատակ կը կործանէ. Ներոն, Հռոմի կայսրը (54-68), 66 – ին, Տրդատ Ա. ի (52-75) Հռոմի կողմէ ալ ճանաչուելուն եւ հոն թագադրուելուն առթիւ, կը տրամադրէ 50 միլիոն տինար եւ հմուտ վարպետներ, որպէսզի այրած քաղաքը վերաշինուի. 67 – ին քաղաքը կը կոչուի Ներոնիա. Այս անունը կարճ ժամանակէ մը վերջ գործածութենէ կը դադրի ու կը մոռցուի.

Վաղարշակ Ա. Ի (117-140) մահէն վերջ հռոմայեցիները Հայաստանի թագաւոր կը նշանակեն իրենց Ծերակոյտի անդամ, Եմեսայի (Հոմս) իշխանական տունէն Սոհեմոսը (140-161), որուն Խորենացին կը կոչէ Տիգրան. Ան կը թագաւորէ Արտաշատի մէջ. Հայկական ու պարսկական բանակները միասնաբար զինքը երկրէն կը հեռացնեն. Հռոմայեցիները 162 թուին Արտաշատը կը գրաւեն եւ կ ‘աւերեն.

Երբ Պարսից Շապուհ Բ. (309-379) 368-369 արքան – ին Հայաստանի վրայ կը յարձակի, կը քանդէ Արտաշատի պարիսպը եւ քարաշէն շէնքերը, կ ‘այրէ փայտաշէնները, քաղաքը աւերակի կը վերածէ.

Վարդանանց պատերազմէն (451) առաջ կաթողիկոսը, եպիսկոպոսները, իշխանները Արտաշատ ժողով կը գումարեն (449) եւ պարսից արքային կրօնափոխութիւն պահանջող նամակին պատասխան կը գրեն.

Մայրաքաղաքին Դուին փոխադրուիլը, Մեծամօրին իր հունը փոխելը պատճառ կ ‘ըլլան որ քաղաքը իր կենսունակութիւնը կորսնցնէ.

Արտաշատի տեղը կը ճշդուի 20 – րդ դարու 20-30 – ական թուականերուն. Քաղաքը յայտնաբերելու համար պեղումները կը սկսին 1970 թուականին.

Այսօր Երեւանէն 30 քմ. հարաւ – արեւելք կը գտնուի Արտաշատ անունով քաղաք մը.

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *