ԴՈՒԻՆ

Դուին – Կեդրոնական Թաղ (Վերակազմութիւն)

Քաղաքը հիմնած է Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւորը (330-338). Արաքս գետը, որ Արտաշատ մայրաքաղաքի շուրջ ծնկաձեւ կը պտտէր եւ քաղաքը երեք կողմէն ջրային արգելակով կը պաշտպանէր, իր հունը կը փոխէ ու քաղաքին մօտերէն կը հեռանայ `մայրաքաղաքի շուրջ թողելով ճահիճներ, ըլլան որոնք բազմաթիւ մահաբեր հիւանդութիւններու պատճառ կ. Հունի փոփոխութեամբ քաղաքը կը կորսնցնէ իր ռազմական պաշտպանութիւնը. Խոսրով այս անպատեհութիւնները նկատի առնելով կ ‘որոշէ նոր աթոռանիստ քաղաք մը շինել.

Դուին Արտաշատի մօտ 30 մ. բարձրութեամբ բլուր մըն է. Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի Դուին բլուրին անունն է, իսկ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Դուին պարսկերէնով բլուր կը նշանակէ. Արաբներ քաղաքը կոչած են Դաբիլ կամ Ադաբին, յոյները, Դուվիյ. Դուին նոյնիսկ Ք.Ա. 2-1 հազարամեակներուն բնակութեան վայր եղած է. Յայտնաբերուած են այդ շրջանին պատկանող կիկլոպեան (խոշոր քարերով եւ առանց շաղախի շինուած) պարիսպներու հետքերը:

ՊեղումներԲլուրի վրայ միջնաբերդի գագաթի հարթակին կը շինուի թագաւորական պալատը, ուր, Արշակունիներու անկումէն վերջ (428), կը նստին մարզպանները եւ արաբ ոստիկանները. Ստորին հարթակի վրայ կը շինուի զինավարժութեան եւ մրցումներու համար ընդարձակ հրապարակ. Միջնաբերդը ամբողջութեամբ կը շրջապատուի 5-6 մ. խորութիւն եւ 30-50 մ. եւ տեղ – տեղ ալ 65-70 մ. լայնքով ջրափոսով, որուն ջուրը կուգայ Ազատ գետէն, արուեստական ջրանցքով. Ստորին բերդի կաւակերտ պարիսպներուն հաստութիւնն է 12-15 մ. եւ բարձրութիւնը, 15-20 մ .. Պարիսպի չորս ծայրերուն կը շինուին աշտարակներ եւ իրարմէ 40 մ. հեռաւորութեամբ 30 – է աւելի հսկայ բուրգեր.

Դուինի ճարտարապետական նշանաւոր կառոյցներէն է գլխաւոր շուկան, ներքին երեք փողոցներով եւ վեց շարք իջեւան – խանութներով, որ եղած է միջազգային վաճառատուն. Քաղաքի բոլոր թաղերուն շրջակայ լեռներէն կաւէ խողովակներով խմելու ջուր բերուած է.

Արտաշատի բնակչութիւնը կը փոխադրուի Դուին. Խոսրով քաղաքին տաք կլիման բարելաւելու համար, Ազատ գետի երկու կողմերուն վրայ ծառեր կը տնկէ եւ պարիսպներով շրջափակուած այս անտառները կը կոչէ Տաճար մայրի եւ Խոսրովակերտ. Թագաւորին ու ազնուական դասուն որսորդական հաճոյքին գոհացում տալու համար ալ անտառ կը բերուին զանազան տեսակի վայրի անասուններ. Այս անտառները կ ‘օգտագործուին նաեւ զինավարժութեան համար. Անտառի մէկ մասը մնացած է մինչեւ մեր օրերը, որ կը նկատուի ամբողջ աշխարհի մէջ արուեստականօրէն տնկուած անտառներէն հնագոյնը.

Արշակունի Թագաւորութեան անկումէն վերջ, երբ երկիրը պարսիկներէ նշանակուած հայ կամ պարսիկ մարզպաններու, կուսակալներու միջոցաւ կը կառավարուի, Դուին կ ‘ըլլայ Մարզպանական Հայաստանի (428-652), նաեւ Խալիֆայութեան օրով (652-858) անոնց Էրմէնիա (Արմինիա) վարչաշրջանի կեդրոնը.

Նախարարները Գիւտ Ա. Արահեզացի կաթողիկոսը (461-478) Վաղարշապատէն Դուին կը հրաւիրեն. Այսպէսով կաթողիկոսարանը 450 թ. Դուին կը փոխադրուի. Եկեղեցւոյ կից կը կառուցուի վեհարան, պաշտօնատուներ, բարձրագոյն դպրոց եւ զանազան շէնքեր. Հայոց նախարարները իրենց համար կը շինեն պալատներ եւ քաղաքը կը պատեն որմնապարիսպներով.

Դուինի մէջ կը գումարուին շարք մը եկեղեցական ժողովներ. Յովհաննէս Գ. աւանդութեամբ եկած, ժողովներով որոշուած կանոնները ի մի կը հաւաքէ. Այսպէսով յառաջ կուգայ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կանոնագիրք» – ը.

Դուին ունեցած է 5-6 – րդ դարերուն կառուցուած, չորս շարք սիւներով եւ սալայատակ միջանցքներով քարաշէն կեդրոնական վաճառատեղ. Այս շուկան 893 – ի մեծ երկրաշարժէն կործանած է, սակայն վերակառուցուած. Շուկան այդ թուականէն առաջ ալ կործանած է ու վերաշինուած. Երբ 13 – րդ դարուն ալ կը կործանի այլեւս չի վերաշինուիր.

Արաբական արշաւանքներու եւ Խալիֆայութեան շրջանի ծանր տուրքերու հետեւանքով արհեստաւորները կը հեռանան եւ առեւտուրը կը տկարանայ. Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն (885) աշխուժանայ յետոյ քաղաքի առեւտրական կեանքը կ. Անիի մայրաքաղաք հռչակումով (961) Դուին իր փայլը կը կորսնցնէ.

Դուինի մէջ, առանձին թաղերով, բնակած են նաեւ պարսիկներ, ասորիներ, յոյներ, արաբներ. Հայութիւնը միշտ եղած է մեծամասնութիւն. Ըստ արաբ մատենագիրներու քաղաքի բնակիչները իրարու հետ հայերէն կը խօսէին. Դուին իր ամենածաղկուն շրջանին ունեցած է աւելի քան 130000 բնակչութիւն.

Դարերու ընթացքին Դուին ենթարկուած է արշաւանքներու, կողոպուտներու, աւերներու.

640 թուին արաբներ քաղաքէն ներս կը խուժեն, բնակչութիւնը կը կոտորեն, մեծ քանակութեամբ աւար ու կողոպուտ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գերիներ հետերնին կը տանին. Երկու տարի վերջ դարձեալ կուգան. Եկեղեցիները կը կործանեն, կղերականները կը սպաննեն. 12000 հոգի անցնեն սուրէ կ. 35000 անձ կը գերեվարեն.

թաս654 – ին դարձեալ կը պաշարեն քաղաքը ու քարանետ մեքենաներով պարիսպներէն ներս քար կը տեղացնեն. Բնակչութիւնը հաշտութիւն կը խնդրէ.

655 – ին Բիւզանդացի զօրավար Մաւրիանոս կ ‘աւերէ Դուինի բերդը ու կը յառաջանայ դէպի Նախիջեւան, ուր արաբական բանակէն չարաչար պարտութիւն կը կրէ.

697-698 թուականներուն հայեր արաբները քաղաքի պարիսպներուն մէջ կ ‘արգելափակեն եւ անոնցմէ մօտ 60000 հոգի կը կոտորեն.

701 թուականէն սկսեալ Հայաստանը, Արեւելեան Վրաստանը, Աղուանից աշխարհը կը կազմեն Խալիֆայութեան Էրմէնիա (Արմինիա) վարչաշրջանը, որուն մէջ երբեմն կը մտնէ նաեւ Ատրպատականը. Մինչեւ 789, Դուին կ ‘ըլլայ այս վարչաշրջանի կեդրոնը, ապա, Աղուանից Պարտաւ քաղաքը. Շրջանը կառավարող էմիրը, ոստիկանը, Խալիֆային բարձրագոյն պաշտօնեան է. Հայաստանի ներքին գործերով կը զբաղին հայ նախարարները.

794 – ին Աղուանիքէն եկած Աբու Մուսլիմի հրոսակները կը յարձակին Դուինի վրայ եւ չորս ամիս քաղաքը կը պաշարեն, սակայն անյաջողութեան մատնուելով կը հեռանան.

813 – ին Ջահհան անունով արկածախնդիր մը Դուինը կը գրաւէ եւ իր որդին Աբդ ալ – ըլլայ ոստիկան Մալիք կ. Սպարապետ Շապուհ Բագրատունի կը յարձակի Դուինի վրայ. Քաղաքի մէջ ոստիկանին դէմ ապստամբութիւն կը ծագի. Ժողովուրդը ոստիկանը կը սպաննէ ու դռները կը բանայ.

892 թ. հայոց արքայ Սմբատ Ա. (890 -914) կը գրաւէ Դուինը, երկու ոստիկան եղբայրներէն մեծաքանակ ոսկի առնելէ վերջ զանոնք շղթայակապ Բիւզանդիոյ կայսրին կը ղրկէ.

894 – ին Ատրպատականի կառավարիչ Աֆշին (Աւշին, Ափշին) կը գրաւէ Դուինը, սակայն Սմբատի զօրքերը զինք երկրէն կը հեռացնեն. 914 – ին Ատրպատականի նոր կառավարիչը, Եուսուֆ, քաղաքը կը գրաւէ, խաբէութեամբ Սմբատը գերի կը բռնէ ու կը գլխատէ.

922 – ին բիւզանդական բանակը քաղաքը կը գրաւէ, սակայն ժողովուրդը եւ զօրքը զանոնք դուրս կը քշեն.

00Դուին, 1225 – ին, Խորեզմի թագաւոր Ճէլալ Էդ Դինի (1220-1235) յարձակումով վերջնականապէս կործանելէ առաջ բազմիցս ձեռք փոխած է հայերու եւ շուրջի էմիրներու եւ ամիրաներու միջեւ.

Ոչ միայն թշնամիները, բնութիւնն ալ Դուինին մեծ վնասներ հասցուցած է. Սարսափելի երկրաշարժեր պատահած են 854, 858, 863, 869 թուականներուն.

Դուինի առաջին պեղումները կը սկսին 1899 – ին. 1904-1907 – ին Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ արտաքին պատերու պեղումները կը կատարուին. 1946 – էն ի վեր կը կատարուին կանոնաւոր պեղումներ. Գտնուած է հեթանոսական շրջանէ գերեզմանադաշտ, քարէ արձաններու եւ քանդակներու կտորներով.

Գտնուած են նաեւ նետասլաքներ, նիզակներու ծայրեր, տէգեր, դաշոյններ, սուրեր, ուրագներ, կացիններ, մկրատներ, մեծ ու փոքր կաթսաներ, սափորներ, ձիթաճրագներ, զարդանախշ թասեր, ոսկէ եւ արծաթէ բարձր ճաշակի ապարանջաններ, շղթայաձեւ մանեակներ, մատանիներ, ականջօղեր, գօտիներ, սափորներ, մինչեւ հազար լիդր տարողութեամբ կարասներ, ապակեայ զարդեր, սրուակներ, գաւաթներ, քիմիկոսներու փորձանօթներ, ոսկրային զանազան իրեր. Գտնուած են քանդակներ, որոնցմէ շատեր հայկական արուեստի գլուխգործոցներ են.

Յայտնաբերուած է յախճապակեայ անօթ `վրան նկարուած ծալապատիկ նստած քամանչայ նուագող եւ ապակեայ սրուակ` վրան ծալապատիկ նստած ջութակահար. Այս նկարները վերոյիշեալ նուագարաններու աշխարհի հնագոյն պատկերներէն են.

 Նկարներ — Պեղումներու տեսարան:

Քրեղան, արագիլի պատկերով:

 Յախճապակիէ թաս:

Սափոր:

Քարէ արձանիկի գլուխ:

Ք. Ա. (Քրիստոսէ Առաջ) до н.э. (до Рождества Христова)
Ք. Վ. (Քրիստոսէ Վերջ) AD (лето от Рождества Христова)
Հիճրայէն Վերջ хиджры (Anno Hegirae / Hejira)

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *