ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ

Երուանդաշատ, 19 – րդ դարու գծագրութիւն

Քաղաքի հիմնադիրն է Երուանդ Դ. (Երուանդ Վերջին) (Ք.Ա. 220-201). Ան գահ բարձրանալէ վերջ թէ, անձնական ապահովութեան, թէ, ռազմա ¬ քաղաքական եւ թէ Երասխ (Արաքս) գետի հունին Արմաւիրէն հեռանալուն հետեւանքով ձմեռը խմելու ջուր չըլլալուն պատճառներով, Երասխի ձախ ափին, անոր Ախուրեան գետի հետ խառնուած տեղը, ըստ Խորենացիի Երասխաձոր կոչուած վայրը, բլրի վրայ շինել կուտայ իր նոր մայրաքաղաքը, ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏը. Մայրաքաղաքի միջնաբերդը կ ‘ամրացուի բարձր պարիսպներով. Պարիսպներուն մէջ կը շինուի պղինձէ ամրակուռ դռներ եւ վարէն մինչեւ վեր բարձրացող երկաթէ սանդուխներ. Երուանդաշատի պաշարման պարագային գետէն ջուր կարենալ առնելու համար բլուրի մէջ անցքեր կը փորուի. Բերդը կը շինուի առանց շաղախի, շատ մեծ որձաքարերով, որոնք իրարու կը կապուին երկաթով. Քաղաքի մօտ կը տնկուի պարսպապատ անտառ, որ կը լեցուի որսի անասուններով. Երուանդ այդ անտառը կը կոչէ «Ծննդոց Անտառ».

Ան Արմաւիրի հարստութիւնը եւ անոր բնակչութեան որոշ մէկ մասը Երուանդաշատ կը փոխադրէ. Տիգրան Բ. ¬ ի (Մեծն Տիգրան) (Ք. Ա. 95-55) օրով ալ գրաւուած երկիրներու բնակչութենէն մաս մը հոս կը բերուի.

Ախուրեան գետի ձախ ափին կը շինուի ԵՐՈՒԱՆԴԱԿԵՐՏը ծաղկանոցներով, բուրաստաններով, այգիներով, ուր կը բնակի թագաւորի ընտանիքը, թիկնապահները եւ սպասաւորները. Ախուրեանի աջ ափին ալ կը շինուի փոքր քաղաք մը, ԲԱԳԱՐԱՆ, որպէս կրօնական կեդրոն, ուր Արմաւիրէն կը փոխադրուի մեհեաններու հարստութիւնը եւ չաստուածներու արձանները. Երուանդ իր եղբայրը, Երուազը, կը նշանակէ քրմապետ, անոր տալով 500 ծառայ.

Տրդատ Գ. Մեծ (287-330), Պարսկաստանէն քաղաքական պատճառներով Հայաստան ապաստանած պարսիկ ազնուական Կամսարին, ժառանգական իրաւունքով, կը շնորհէ Երուանդաշատը, նաեւ, նախարարութիւն.

Մակեդոնացի Մեծն Ալէքսանտր (Ք.Ա. 356-323) մեծ կայսրութիւն մը հիմնելու եւ հելլենական քաղաքակրթութիւնը Փոքր Ասիայէն սկսեալ դէպի Հնդկաստան տարածելու նպատակով դէպի արեւելք արշաւանքի կը սկսի. Այդ պատճառով ալ գրաւուած երկիրներու մէջ նոր քաղաքներ կը հիմնուի, որոնցմէ շատեր իր անունով կը կոչուին եւ յոյն բնակչութեամբ կը լեցուին. Այս քաղաքականութեան հետեւանքով յունարէնը կ ‘ըլլայ նաեւ Երուանդունիներու պալատական ու պաշտօնական թղթակցութեան լեզուն. 360 թուականին պարսից Շապուհ Բ. (309-379) թագաւորի բանակը կը կործանէ Երուանդաշատը.

Պահպանուած են պարիսպներու հետքերը, փողոցներու եւ շէնքերու փլատակները, միջին դարերուն կառուցուած երկու եկեղեցիներու աւերակները, խաչքարեր եւ վիմագիր արձանագրութիւններ. Այսօր Հայաստանի մէջ Երուանդաշատի փլատակներուն մօտ հիմնուած է Երուանդաշատ գիւղը.

Բագարան 9 – րդ դարու վերջերը կը դառնայ Բագրատունի թագաւորութեան մայրաքաղաքը.

Նկարներ — Երուանդակերտի աւերակներէն

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *