Կարս, 20 – րդ դարու սկիզբը
Կարս բերդը Մեծ Հայքի Արարատ նահանգի Վանանդ գաւառի գլխաւոր բերդերէն մին է. Օտար եւ հայ մատենագիրներէ յիշուած է «Կարուց բերդ», «Ամրոցն Կարուց», «Ամուրն Կարուց» անուններով. Կարսի ամրոցը թէեւ հայ մատենագիրներու կողմէ միայն 9 – րդ դարու պատմութեամբ կը յիշուի, սակայն հիմնարկուած է աւելի հին թուականներուն. Կարսի միջնաբերդը, Կարսի հիւսիսային կողմը, Կարս գետի ափին, չորս կողմէն անմատչելի ժայռերով շրջապատուած, անառիկ բարձունքի վրայ շինուած է, որ գետին կապուած է ստորգետնեայ ճամբով.
Երբ Աշոտ Բ. (Աշոտ Երկաթ) (914 -929) անժառանգ կը մեռնի, «Հայոց եւ Վրաց Շահնշահ» տիտղոսով գահ կը բարձրանայ իր եղբայրը `Աբաս, որ որպէս սպարապետ կը բնակէր Կարս. Աբաս Ա. (929-953) Կարսը կը հռչակէ մայրաքաղաք.
Աբաս Ալանաց Դուռ կոչուած կիրճէն ներխուժող Ափխազները, Վրացիները, Սարմատացիները կեցնելէ յետոյ կը սկսի շինարար աշխատանքի ամրացնէ միջնաբերդը. Կ ‘, կը կառուցէ թագաւորական պալատ եւ Ս. Առաքելոց եկեղեցին. 1579 – ին Օսմանացիներ զայն կը վերածեն մզկիթի. Երբ 1877 – ին Ցարական Ռուսիա Կարսը կը գրաւէ, այս եկեղեցին կը վերածուի Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցիի. 1890 – ական թուականներուն եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը կը կառուցուի զանգակատուն. Թուրքեր 1918 – ին Կարսը կը գրաւեն եւ եկեղեցին կը վերածեն մզկիթի. 1919 – ին Թուրքերու նահանջով եկեղեցին կ ‘անցնի հայերու ձեռքը. Թուրքեր 1920 – ին Կարսը վերջնականապէս կը գրաւեն եւ եկեղեցին դարձեալ մզկիթի կը վերածեն. Աւելի ուշ կը փլցնեն զանգակատունը. թթ 1960-1970. կը գործածուի որպէս թանգարան. Այժմ լքեալ վիճակ ունի.
Աբասի կը յաջորդէ իր որդին Աշոտ Գ. Ողորմած (953-977). Ան 961 – ին արքունիքը Անի կը փոխադրէ եւ հոն թագաւոր կ ‘օծուի. Աշոտ հիւանդներու եւ կարօտեալներու հանդէպ ցոյց տուած չափազանց գթասրտութեան եւ առատաձեռնութեան համար կոչուած է Ողորմած.
Աշոտ Ողորմածի կողակիցը `Խոսրովանուշ թագուհին, շինել կուտայ երկու վանք. 957 – ին Սանահինը եւ 967 – ին ալ`Հաղբատը. Սանահինի եկեղեցին կը կոչուի Ս. Ամենափրկիչ, իսկ Հաղբատինը, Ս. Նշան. Այս վանքերը կ ‘ըլլան գիտական, կրթական, մշակութային կեդրոններ. Հետագային կը նկատուին Արեւելեան վարդապետներու խումբին կեդրոնը.
Երբ Աշոտ մայրաքաղաքը Անի կը փոխադրէ, իր կրտսեր եղբայրը `Մուշեղը, կը նշանակէ Կարսի կառավարիչ. Մուշեղ, քաղաքի տնտեսական նպաստաւոր պայմանները նկատի առնելով, ինքզինք կը հռչակէ« Թագաւոր Կարուց ». Աբաս իր եղբօր կը թոյլատրէ Կարսի մէջ թագաւորել` ենթակայ իր գերիշխանութեան. Այսպէսով կը սկսի Կարսի կամ Վանանդի Թագաւորութիւնը (963-1065). Վանանդ Կարսի ութը գաւառներուն կեդրոնականն է. Այս է պատճառը, որ Կարսի թագաւորութիւնը կոչուած է նաեւ Վանանդի Թագաւորութիւն. Վանանդ եղած է նաեւ առաջնորդանիստ վայր. Մուշեղ Ա. (963-984), Աշոտի մահէն յետոյ (977), կը փափաքի հայոց Շահնշահ ըլլալ, բայց Անիի աւագանին գահ կը բարձրացնէ Ողորմածի որդին `Սմբատը.
Մուշեղին կը յաջորդէ իր որդին `Աբաս (984 -1029), ժառանգելով անկազմակերպ թագաւորութիւն մը. Ան վերջ կուտայ կատարուած գողութիւններուն եւ աւազակութիւններուն. Կարս առեւտրական ճամբաներով կապուած էր զանազան քաղաքներու. Այդ ճամբաներէն կ ‘անցնէին տարբեր երկիրներու կարաւանները. Աբաս կ’ ապահովէ այդ ճամբաներուն անվտանգութինը . Կը բանայ բազմաթիւ դպրոցներ, ուր կ ‘ուսուցուի նաեւ ռազմավարութիւն. 998 – ին հայոց ու վրաց զօրքերը միասնաբար կը յաղթեն Ատրպատականի Ամիրային բանակը.
Աբասի կը յաջորդէ իր որդին `Գագիկ Աբասեան (1029-1065). Բագրատունեան Թագաւորութեան (Անիի Թագաւորութեան) կործանումէն յետոյ (1045) ըլլայ Բագրատունիներու ինք կ ‘` աւագը «ազգապետը» եւ «շահնշահը». Գագիկ իմաստասէր է եւ կը հովանաւորէ գիտնականները. Արքունիքի մէջ կը բացուի ճեմարան, վարդապետարան, ուր կ ‘ուսուցուի աստուածաբանութիւն եւ այլ գիտութիւններ.
1053 – ին եւ 1054 – ին սելջուքները կը յարձակին Կարսի վրայ. Գագիկի զօրքերը զանոնք երկրէն դուրս կը քշեն.
11-12 – րդ դարերուն քաղաքը ունեցած է հմուտ արհեստաւորներ եւ վաճառականներ. Կ ‘արտադրուի ցորեն, յատկապէս, մետաքս. Քաղաքը յայտնի է իր պղնձի, արծաթի, երկաթի, աղի հանքերով. Անտառներէն կը ստացուի շինափայտ.
Երբ սելջուքները Ալփ – Ասլանի հրամանատարութեամբ, 1064 – ին, Անին կը գրաւեն, Կարսի թագաւորութեան վիճակը կը դառնայ օրհասական ազատէ. Գագիկ դիւանագիտութեամբ Կարսը գրաւումէ կ ‘, եւ սակայն 1065 – ին Կարսը կը յանձնէ Բիւզանդիոյ Կոստանդին Ժ. Տուգաս կայսրին (1059-1067) եւ փոխարէն կը ստանայ Ծամնդաւ, Լարիսա, Ամասիա, Կեսարիա, Կոմանա եւ Խաւարտանեք քաղաքամրոցները. Կը մեռնի 1081 թ ..
1071 – ին, Բիւզանդական բանակը Մանազկերտի ճակատամարտին կը պարտուի. Կարս կ ‘անցնի սելջուկներուն ձեռքը եւ կը դառնայ ամիրայութեան կեդրոն.
Սելջուքներու եւ Վրացիներու շարունակական պատերազմներու ընթացքին Կարս միշտ ձեռք կը փոխէ. 1206 – ին հայ եւ վրացի զօրքերը կը գրաւեն Կարսը.
1226 – ին եւ 1236 – ին ալ սելջուկներ կը յարձակին. Քաղաքը կ ‘աւերեն, աւար եւ գերիներ կը տանին.
Վրաց Դաւիթ թագաւորի մահէն յետոյ գահ կը բարձրանայ իր անչափահաս որդին, Դեմետր (1271-1289). Խնամակալ կը նշանակուի Սադուն Արծրունի, որ 1284 – էն սկսեալ երկիրը Կարսէն կը կառավարէ.
Լենկթիմուր 1394 – աւերէ ին կը գրաւէ Կարսը ու կ ‘.
1548 – ին Օսմանացիներ կը գրաւեն Կարսը եւ միջնաբերդը հիմնովին կը վերաշինեն.
Պարսկա – Օսմանեան երկարատեւ պատերազմներէն յետոյ, 1639 – ի պայմանագրով, Կարս վերջնականապէս կ ‘անցնի Օսմանեան Կայսրութեան ձեռքը. Պարսիկներ 1735 – ին եւ 1747 – ին ալ քաղաքը կը պաշարեն, սակայն չեն կրնար գրաւել.
Ռուսիոյ Ցարական Կայսրութիւնը Կարսը երկու անգամ կը գրաւէ, երկու անգամին ալ կը վերադարձնէ. գրաւուած, 1828 – ի Յունիսին, վերադարձուած, տարի մը վերջ, գրաւուած, 1855 – ի Նոյեմբերին, վերադարձուած, 1856 – ի Օգոստոսին. Երկու պատերազմներու վերջաւորութեան ալ մեծ թիւով հայեր, նաեւ յոյներ Ռուսաստան կը գաղթեն.
1877 – ի Նոյեմբերի 18 – ին, վեց ամսուայ պաշարումէ յետոյ, ռուս բանակը հայ զօրավարի մը հրամանատարութեամբ Կարսը կը գրաւէ. Կարս կ ‘ըլլայ Կարսի մարզի կեդրոնը. Քաղաքը կը բարգաւաճի, բնակչութեան թիւը կը բարձրանայ. Կարս գետի աջ ափին կը կառուցուին լայն փողոցներով, քարաշէն տներով նոր թաղեր. 1899 – ին կ ‘աւարտի Կարս – Թիֆլիս երկաթուղին. 1913 – ի տուեալներուն համաձայն Կարսի բնակչութիւնը 12175 է, որոնցմէ 10250 – ը, հայ, 912 – ը, թուրք եւ մնացեալը ռուս, յոյն եւլն. Կարսի մէջ ստեղծուած առեւտրական պայմաններու հետեւանք բնակչութեան թիւը արագօրէն կը բարձրանայ. 1916 – ի վերջերը Կարսի մարզի հայ բնակչութիւնը 114938 է, իսկ Կարս քաղաքի 30086 բնակիչներէն 25665 – ը , հայ, 260 – ը, թաթար, 38 – ը, քիւրտ, 4123 – ը, ռուս, յոյն, ասորի եւլն.
1827 – ին կը հիմնուի հայկական վարժարան, բայց այդ 1830 – ին կը գոցուի. 1878 – ին, տղոց համար կը բացուի Լուսաւորչեան վարժարանը, 1879 – ին ալ, աղջկանց Շուշանեան վարժարանը.
20 – րդ դարու սկիզբը Կարսի մէջ կար երեք հայկական եկեղեցի, Ս. Աստուածածին, Ս. Գրիգոր եւ Ս. Նշան, երկու ռուսական, Ս. Առաքելոց (նախապէս հայկական) եւ Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ եւ մէկ յունական, Ս. Գէորգ.
Կարս ալ եղած է գրչութեան կեդրոն. Գիտցուած առաջին ընդօրինակուած աւետարանը 11 – րդ դարու մագաղաթեայ «Կարսի Աւետարան» – ն է, գրուած եւ պատկերազարդուած Գագիկ Աբասեան թագաւորի (1029-1065) համար. Այս պատճառով նաեւ կը կոչուի «Գագիկ թագաւորի Աւետարան». Մեր օրերուն հասած ընդօրինակութիւններէն են 1280 – ին Եղբայրիկ գրչին, 1290 – ին Յովհաննէս գրչին գործերը. 1553 – ին, Յովհաննէս գրիչ «Մաշտոց» ընդօրինակած է.
1917 – ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկեան յեղաշրջումով ռուս բանակը ճակատէն կը քաշուի. 1918 – ի Ապրիլին Թուրքերը կը գրաւեն քաղաքը, բնակչութիւնը կը կողոպտեն եւ կը սպաննեն. 1919 – ի Ապրիլին թուրք բանակը կը քաշուի եւ Կարս կը միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան. 1920 – ի Հոկտեմբերի 30 – ին թուրքերը կը վերագրաւեն Կարսը. Տեղւոյն հայ եւ ռուս բնակչութիւնը քաղաքէն կը հեռանայ. 1990 – ի տուեալներուն համաձայն քաղաքի բնակչութեան թիւը 55000 է.
1921 – ի 26 Սեպտեմբերէն մինչեւ Հոկտեմբերի 13 – ը Կարսի մէջ ժողով կը գումարուի Խորհրդային Ռուսիոյ, Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, եւ Քէմալական Թուրքիոյ միջեւ 13. Հոկտեմբերին կը ստորագրուի Կարսի Պայմանագիրը.
Նկարներ.
Կարսի միջնաբերդը
Կարսի միջնաբերդը եւ Առաքելոց եկեղեցին (զանգակատունը փլցուած)
Կարս գետը եւ Վարդանի կամուրջը
Ցարական Ռուսիոյ շրջանին Կարսի մէջ շինուած քարաշէն շէնքերէն մի քանին
Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm