Չիչեքի համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան մասնակցած Է «Խոջալուի ջարդերուն»

ԱՆԳԱՐԱ.- Ատրպեճանական եւ թրքական լրատու գործակալութիւններ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Երկուշաբթի օր, Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի մահուան 8րդ տարելիցին նուիրուած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է 1992ին տեղի ունեցած «Խոջալուի ջարդերուն»՝ այդ ջարդերը նկատելով նորագոյն պատմութեան «մեծագոյն ջարդերը»:

Չիչեք յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ տուած հիմնաւորելու համար իր այս ամբաստանութիւնը:

Ըստ Ատրպէյճանի, 613 քաղաքայիններ սպաննուած են «Խոջալուի ջարդերուն» ընթացքին: Հայաստան անհիմն կը համարէ այս կապակցութեամբ հայկական կողմին ուղղուած ամբաստանութիւնները:

Չիչեք նաեւ ըսած է. «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապուած է»՝ միաժամանակ Արեւմուտքը քննադատելով ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ կրաւորական դիրքորոշում որդեգրելու յանցանքով:

Չիչեք իր խօսքին մէջ յայտարարած է. «Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններէն մէկը ատրպեճանական բռնագրաւուած հողերու եւ հարիւր հազարաւոր փախստականներու հայրենի հողեր վերադարձն է։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամենամեծ սպառնալիքն է: Հայ-թրքական բնականոն յարաբերութիւններու ապահովման համար ամենակարեւոր պայմաններէն մէկը ատրպեճանական հողերու ազատագրումն է»:

http://asbarez.com/arm/117510/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *