Կլենտէյլի մէջ պիտի ներկայացուի Քեն Խաչիկեանի նոր հատորը

Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի Ուսանողական միութեան,  երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 12։15էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Քեն Խաչիկեանի Behind Closed Doors: In the Room with Reagan & Nixon հատորին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։ Հատորին ներկայացումէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում մը։

Քեն Խաչիկեան, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական եւ ճառեր գրողը նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին, որ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:

Ան նաեւ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը եղած է, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ խորհրդականը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին։ Խաչիկեան բացի Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակը ըլլալէ, նաեւ անոր յատուկ խորհրդականն էր:

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Պուէնա Վիզթա» շէնքին թիւ 101 սրահին մէջ։

Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/470064

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2024
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ