Ուաշինկթըն մերժած է Թուրքիոյ առաջարկը. «Տնտեսական ճնշումներու նպատակը Թուրքիան եւ Թուրք ժողովուրդը ծունկի բերելն է» կ՛ըսէ Էրտողան

•

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին, յայտարարած է, թէ արտաքին ուժերը այս ձեւով կ՛ուզեն «ծունկի բերել» թուրք ժողովուրդը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թի.24» կայքը:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շեշտած է, որ ատիկա «պարզապէս յարձակում է թրքական դրօշին դէմ»:

«Անոնց նպատակն է ծունկի բերել Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը, պատանդ պահել զանոնք», ըսած է Էրտողան` Ատհայի տօնին առիթով արտասանած խօսքին մէջ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են թրքական «Հալքպանք» դրամատան դէմ հետաքննութիւնը դադրեցնելու առաջարկը եւ մտադիր չեն զայն դադրեցնելու:

Օրաթերթին համաձայն, Անգարա խոստացած է վերցնել ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի դէմ մեղադրանքները, եթէ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին պատժել թրքական դրամատունը` Իրանի դէմ պատժամիջոցները ոտնահարելուն համար:

http://www.aztagdaily.com/archives/405965 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2018
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ