
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Սահմանապահ վարչութեան Արտաշատի սահմանապահ ուժերը ձերբակալեցին հայ–թրքական սահմանը անօրինական կերպով հատած տղամարդ մը:
Ըստ Ռուսիոյ Սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նախնական ստուգման իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ սահմանախախտը Պանկլատէշի Ազգային Հանրապետութեան քաղաքացի է:
Ձերբակալեալը սահմանուած կարգով. փոխանցուեցաւ Հայաստանի իրաւապահ ուժերուն: Ներկայիս կ՛իրականացուին անհրաժեշտ քայլեր՝ դէպքի բոլոր մանրամասնութիւնները յայտնաբերելու համար:
Asbarez.com




Leave a Reply