Ըստ թրքական «Ահուալ» օրաթերթին. Թուրքիա Իրաք ներթափանցելով յառաջացած է 17 քիլոմեթր


Թրքական «Ահուալ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը իրաքեան տարածքին մէջ 17 քիլոմեթր խորութեամբ ներթափանցած են եւ սկսած երկրին մէջ ճամբաներ ու մնայուն ռազմակայաններ կառուցել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ թրքական բանակը անցեալ ամիս նաեւ ներթափանցած էր Սուրիոյ Աֆրին քաղաք` աւելցնելով, որ իրաքեան տեղական աղբիւրներ պնդած են, թէ Թուրքիան այդ օրէն ի վեր կը շարունակէ Իրաք սպառազինութիւն ուղարկել եւ ուժեր տեղակայել:

«Թրքական կառավարութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու պատրուակով Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւնները ընդլայնելու իր մտադրութիւնը յայտնած էր», կը գրէ թրքական օրաթերթը:

http://www.aztagdaily.com/archives/388909

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ