Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի «Voices in Silence» հատորը պիտի ներկայացուի ապրիլ 6ին

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մեծապէս գնահատելի եւ արժանի «Ձայներ լռութեան մէջ» («Voices in Silence») խորագրուած պատկերազարդալպոմը՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապաթովկիոյ մասին, պիտի ներկայացուի մեր համայնքին ուրբաթ, ապրիլ 6, 2018ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):

Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ պիտի հանդիսավարէ ձեռնարկը: Հատորը պիտի ներկայացնէ Սարգիս Մաճառեան: Գեղարուեստական յայտագիրին մաս պիտի կազմեն Աստղիկ Տատուր՝ ասմունքով, Անժելա Ամիրեան՝ ջութակով, Նշան Ջաղացպանեան՝ երգով: Ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսք պիտի ուղղէ գրող Յովսէփ Նալպանտեան։

Հատորին մասին Յարութ Սասունեան ըսած է հետեւեալը. ««Ձայներ լռութեան մէջ»ը հիանալի ալպոմ մըն է մեր պատմական Հայաստանի հողերուն մասին: Սքանչելի նկարներ, որոնց մեծամասնութիւնը ես երբե՛ք չեմ տեսած: Ալպոմը նաեւ ցոյց կու տայ մեր հսկայ կորուստները՝ ջարդին իբրեւ հետեւանք: Կը յուսամ, որ ամէն հայ օրինակ մը կ՛ունենայ այս համապարփակ պատմական ալպոմէն, որպէսզի չմոռնայ իր անցեալը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Հատորը գլուխ գործոց մըն է»:

Իսկ Անի Թոթահ հատորին մասին այսպէս կ՛արտայայտուի. «Սքանչելի՛ հրատարակութիւն մը: Գիտելիքներու մեծ աղբիւր մըն է, որ կը լուսաւորէ: Դիւրընթեռնլի է, եւ պատկերազարդումներուն բացատրողական բաժինը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ զայն: Հատորը կարելի է գործածել իբրեւ դասագիրք. անիկա պէտք է ղրկուի քոնկրեսականներու եւ հաստատութիւններու»:

Իսկ նահանգապետ Ճորճ եւ Կլորիա Տէօքմէճեանները այս առթիւ ըսած են. «Ուշագրաւ հրատարակութիւն մը. մեր ոչ-հայ ընկերները կը վայելեն այս հատորը. մէյ մը որ բանան, այլեւս չեն կրնար մէկ կողմ դնել»:

Մեր համայնքը սիրով հրաւիրուած է այս հետաքրքրական եւ լուսաբանող ձեռնարկին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ