Թուրքիոյ զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգ եւ գործողութեան սկսած, կը կատարուի հետախուզութիւն զինադադարի վերահսկողութեան նպատակով հսկողութեան կէտեր տեղադրելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը:
«Ըստ Իտլիպի շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման վերաբերեալ Ասթանայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, երաշխաւոր երկիրներէն մէկուն` Թուրքիոյ զինեալ ուժերը 8 հոկտեմբերին հետախուզութեան գործողութեան սկսած են զինադադարի վերահսկողութեան նպատակով հսկողութեան կէտեր տեղադրելու համար», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտարարած էր, որ Թուրքիան «լուրջ» գործողութեան սկսած է Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպի նահանգին մէջ:
http://www.aztagdaily.com/archives/367497



Leave a Reply