Էրտողանը փոխանակ Եւրոպային դաս տալ փորձելու, հայ ժողովուրդին դէմ իր պապերուն գործած ոճիրը թող ընդունի. Արամ Ա. Կաթողիկոս

•

Այս բառերով Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտները, որոնք 24 Ապրիլին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատելով լիբանանցի գեղանկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն Ցեղասպանութենէն անդին` նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջին ու վերածնունդին վրայ: Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, «Թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

http://www.yerakouyn.com/?p=129835

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ