Տեմիրթաշ հարցաքննութեան կը կանչուի

demirtashՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հաղորդեց, թէ սեպտեմբեր 6ին հարցաքննութեան համար հրաւէր ուղղած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշին ու կուսակցութեան Տիգրանակերտի երեսփոխան Նուրսել Այտողանին։

Ինչպէս յայտնի է, խորհրդարանը վերջերս ջնջեց զանազան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ ճամբայ բանալով «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» ամբաստանութեամբ նման հարցաքննութեանց առջեւ։

Տեմիրթաշ ըսաւ, որ ինք տակաւին հրաւէրը չէ ստացած, բայց եթէ հրաւէր ստանայ, ապա բացարձակապէս ընթացք պիտի չտայ անոր։ «Բռնի ուժով թող տանին», նշեց ան ու աւելցուց, որ իրենց առարկութիւնը կը վերաբերի երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան ջնջումին, ինչ որ սահմանադրութեան դէմ առնուած քայլ մը նկատեց։

«Երբ երեսփոխանական մեր շրջանը աւարտի, այն ատեն կ՛երթանք ու կը պատասխանենք հարցումներուն», ըսաւ Տեմիրթաշ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ