Հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի տունը խուզարկութեան ենթարկուեցաւ

•

Ragip Zarakolu«Էօզկիւր կիւնտէմ» թերթի փակումէն եւ թերթի տեղակայուած շէնքին մէջ խուզարկութիւն ընելէ ետք, ոստիկանները խուզարկութիւն ըրին նաեւ հրատարակիչ, լրագրող, գրող ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի պաշտօնապէս գրանցուած տան մէջ: Զարաքօլու գրանցուած է իր որդւոյն՝ Սինան Զարաքօլուի տան հասցէի տակ: Տրուած ըլլալով որ Սինան Զարաքօլու տունը չէր, ոստիկանութիւնը դուռը կոտրելով տունէն ներս մտած եւ ձեռք դրած է բոլոր գիրքերուն վրայ՝ հաւաքելով զանոնք:

Ռակըպ Զարաքօլու «դիմատետր»ի իր էջին վրայ հետեւեալը գրեց պատահածին մասին. «Ես կը բողոքեմ «Էօզկիւր կիւնտէմ» թերթը փակելու եւ որդւոյս տան մէջ կատարուած բարբարոսական խուզարկութեան դէմ: Մեր թերթի հրատարակութեան տնօրէն Էրէն Քէսքինի եւ սիւնակագիր Ֆիլիզ Քօչալիի տան մէջ ալ խուզարկութիւններ կատարուած են: Որդիս արձակուրդի մեկնած էր, տրուած ըլլալով որ գրանցուած եմ անոր տան հասցէին տակ, այսօր յետմիջօրէի ժամերուն աւազակախումբ մը, որ կը պնդէ, թէ ոստիկաններ են, կոտրած է երկաթեայ դուռը եւ խուզարկութիւններ կատարած է հոն, հաւաքելով հայոց, պոնտոսցի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու մասին իմ կողմէ թարգմանուած ու հրատարակուած գիրքերը, զորս նուիրած էի որդւոյս»:

http://horizonweekly.ca/news/details/91157

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ