Թուրք իրաւապահներ գրաւած են պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը

Հայկօ ՊաղտատԹուրքիոյ ապահովական   մարմիններ   գրաւած են Հայկօ Պաղտատաի անձնագիրըԱյս մասին կը յայտնէ թրքական diken.com.tr կայքը, որուն փոխանցմամբ` հայ լրագրողին  անձագիրը ձեռքէն առած են, երբ վերջինս Աթէնքէն  Պոլիս կը վերադառնար:  

Պաղտատ կը պատմէ. «Երկու ոստիկան շրջելով իմ կողմսձեռքէս անձնագիրս վերցուցին: Ոստիկանները զիս չէին ճանչնար եւ մասնագիտութիւնս հարցուցին: Ես ալ ըսի, որ լրագրող եմ: Հարցուցին, թէ որ կայանին մէջ կաշխատիս, ըսի` «İMC TV»:

Կիւլէնականներուն կայանը չէ՞ ատ:

«Ոչ քիւրտերու կայանն է, ըսի, որն աւելի վտանգաւոր է»:

Խնդալով պատասխան տուին` «Հիմա երկուքն ալ վտանգաւոր են»:

Պաղտատ շարունակելով ըսած է, թէ «Քանի որ իմ մասին ձերբակալման որոշում չկայ, անձնագիրս ձեռքէս առնելէն ետք ինձի ազատ թողեցին: Ես ալ կ’ըսեմ, որ եթէ ինձ պիտի ձերբակալրժիք, ձախակողմեան եւ յեղափոխական ըլլալուս համար, ձերբակալեցեք խնդրեմ, ի՞նչ կիւլէնական»:  

Հայկօ Պաղտատ կը յայտնէ նաեւ, որ դէպքէն ետք իր հետ կապ հաստատած են   մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ կուսակցական պատասխանատուներ: Մասնաւորապէս հայ երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան ըսած են, որ խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացընեն այս հարցը:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ