ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ու նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յունիս 3ին կայացած հանդիպումէն ետք, համատեղ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուեցաւ:
Ըստ թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթի կայքին՝ Ալիեւի ու Եըլտըրըմի մամլոյ ասուլիսին հիմնական նիւթը եղած է մէկ օր առաջ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը:
Ալիեւ այդ մասին ըսած է. «Գերմանիոյ որոշումը պատուէր մըն է, որ քաղաքական հիմք ունի, իսկ Հայկական Հարցը պատրուակ էր»: Ան չէ մոռցած նշելու, թէ Պաքու, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս եղբայր Թուրքիոյ կողքին է:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետը կրկին «պատմական սխալ» որակած է Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ անիկա իրենց համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:
«Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը վնաս հասցուցած է մեր յարաբերութիւններուն», աւելցուցած է ան՝ կոչ ընելով գերմանացի քաղաքական գործիչներուն, որ ապագային աւելի խելամիտ քայլերու դիմեն:
Եըլտըրըմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին, բանաձեւի վաւերացումէն ետք ամենաբարձր մակարդակով իր դիրքորոշումը յայտնելուն համար:
Asbarez.com




Leave a Reply