Ուրուկուէյի Կերպարուեստի ազգային թանգարանին մէջ սեպտեմբեր 4-ին բացուած է «Ներսէս Օունանեան» ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
Ներսէս Օունանեան (1924-1957) ուրուկուէահայ քանդակագործ եւ նկարիչ է, որ ծնած է յունական Սամոս կղզիին մէջ, իսկ 8 տարեկանին ընտանիքով տեղափոխուած Մոնթեւիտէօ:
«Ներսէս Օունանեան իրեն հետ բերած է իրհազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի մշակոյթը, երաժշտութիւնը, արուեստը, որոնքալ արտայայտած է իր գործերուն մէջ: Իր աշխատանքներէն շատերը կը պատկերեն նաեւ Հայոցցեղասպանութեան ցաւը, որուն միլիոն ու կէս մարդ զոհ գացած է»,- նշուած է թանգարանի կայքին մէջ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր 4:
http://www.yerakouyn.com/?p=88735




Leave a Reply