Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշեալ կուսակցութիւնը կը մերժէ համախոհական կառավարութեան մը մաս կազմել:
Տաւութօղլու աւելցուց, որ կրնայ Պահչելիի հետ յաւելեալ հանդիպումներ ունենալ, եթէ անոնց կարիքը զգացուի:
Տաւութօղլու համախոհական կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն ծիրին մէջ երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած էր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ: Շուրջ մէկ ժամ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետը նշած էր, որ հանդիպումը անցած է «անկեղծ եւ ընկերական մթնոլորտի մէջ»: Ան յայտնած էր, որ քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ չէ կատարուած նախագահի պաշտօնին եւ ատոր գործունէութիւններուն: Բայց եւ այնպէս նշած էր, որ համախոհական կառավարութիւն կազմելու հարցին մէջ իրենք նոյն հեռաւորութեան վրայ են քեմալական եւ ազգայնական կուսակցութիւններէն:
http://www.aztagdaily.com/archives/249444

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը մերժէ մաս կազմել համախոհական կառավարութեան
•
Վերջին Յաւելումներ
- ԲՊՀ-ում տեղի ունեցավ «Կիլիկիան և կիլիկիահայերը» խորագրով միջոցառում
- Թուրքիայի պետական լրատվական գործակալության անդրադարձը՝ Անիի կամրջի վերականգնմանը
- Թուրքիայի և Հայաստանի միջև ուղիղ առևտրի մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքներն ավարտվել են. Թուրքիայի ԱԳՆ պաշտոնական ներկայացուցիչ



Leave a Reply