Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով Քրաքովի մէջ

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի, Լեհաստանի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ, ՔրաքովՄայիս 30ին կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ցեղասպանութիւն. կատարուած է բազմաթիւ անգամ, սակայն առաջինը հայերու հանդէպ» թեմայով գիտաժողով, որուն մասնակցած է նաեւ Լեհաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան:
Գիտաժողովը կազմակերպած էին Լեհաստանի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ Արեւելեան Եւրոպայի յանձնաժողովը, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի ցեղագիտութեան եւ ազգագրագիտութեան ուսումնարանը եւ Քրաքովի Հայկական մշակութային ընկերակցութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկան դեսպան Ղազարեան եւ Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի փրոֆեսէօր Քշիշտոֆ Ստոպկա: Այնուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ծաւալուն զեկոյցով հանդէս եկաւ Փարիզէն յատուկ հրաւիրուած փրոֆեսէօր Ռեմոն Գէորգեան:
Գիտաժողովի ծիրին մէջ Լիւպլինէն հրաւիրուած փրոֆեսէօր Վլատժիմիերժ Օսաթչի ներկայացուց Լեհաստանի հայ համայնքի երեւելի գործիչներէն մէկի՝ Լվովի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եոզէֆ արք. Թէոտորովիչի, կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող նոր հրատարակուած գիրքը:
Գիտաժողովին ընթացքին «Հայերու Ցեղասպանութեան մշակութային հետեւանքները պատմական եւ ժամանակակից տեսանկիւնէն» խորագիրով քն-նարկման ժամանակ առանձին զեկոյցներով հանդէս եկան Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի փրոֆեսէօրներ՝ դոկտոր Ռենաթա Քրոլ Մազուր, դոկտոր Տորոթա Ժիետեք, դոկտոր Անտժէյ Ժիետեք, դոկտոր Եաքուպ Օսիեցքի եւ Լեհաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ազգագրագէտ Քոնրատ Սիեքիերսքի: Իրենց հիմնական զեկոյցներէն բացի, գիտնականները պատասխանեցին նաեւ գիտաժողովի մասնակիցները յուզող հարցերուն:
Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2015
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ