Մահացաւ Աղթամարի եկեղեցին կործանումէ փրկած Եաշար Քեմալ

Եաշար Քեմալ«Այս հողերը միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւերու եւ կոտորածներու հողեր են. վերապրած շատ մեծ ցաւեր, ոչնչացուած մեծ արժէքներ կան, սակայն մարդկային բոլոր աղտերէն մաքրուելու ճիգեր ալ կան: Ճիգերէն ամենասուրբն ալ թշնամութիւններուն դէմ դուրս գալն ու խաղաղութեամբ պայքարիլն է». Եաշար Քեմալ
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 92 տարեկանին մահկանացուն կնգած է թուրք ժամանակակից գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Եաշար Քեմալը: Ան 1973ին Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակի թեկնածու էր:
Ծագումով քիւրտ Եաշար Քեմալ Պոլսոյ մէկ հիւանդանոցը փոխադրուած էր 14 Յունուարին, թոքի բորբոքումի, սիրտի եւ շնչառութեան համակարգի խնդիրներու պատճառով:
Նոպէլեան մրցանակի առաջադրուած գրողը 2013ին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ արժանացած էր «Գրիգոր Նարեկացի» շքանշանին՝ իր հայանպաստ գործունէութեան համար: Ան մեծ աւանդ ունեցած է 1951ին Աղթամարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ոչնչացումէ փրկելու գործին մէջ:
1951ին, Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած է եկեղեցին քանդելու ծրագիր մը: Թուրք զինուորական մը, ներքին կարգով տեղեկանալով այդ մասին՝ լուրը փոխանցած է այդ օրերու «Ճումհուրիյէ»չ թերթի թղթակից, ազգութեամբ քիւրտ Եաշար Քեմալին:
Գրող, լրագրող եւ հրապարակախօս Եաշար Քեմալ, իր կարգին, կը դիմէ բոլոր ատեաններուն եւ կը գրէ այս մասին: Ան կը համոզէ թրքական իշխանութիւնները, որ եկեղեցին միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ՝ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւն է եւ պէտք է պահպանուի: Իբրեւ արդիւնք, եկեղեցին չի քանդուիր, սակայն զինուորականն ու Եաշար Քեմալը կ՛ենթարկուին հալածանքներու:

http://asbarez.com/arm/216410/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ