31 Յունուարէն 1 Փետրուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի միացեալ կազմակերպումով տեղի ունեցաւ գիտաժողով` «Ցեղասպանութիւն. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով:
Գիտաժողովը 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներուն առաջինն էր, որ կոչուած էր հետագայ աշխատանքներուն հիմնական բովանդակութեան առանցքները ընդգծել: Այս առումով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Լիբանանէն եւ Թուրքիայէն գիտաժողովին հրաւիրուած իրաւագէտները, պատմաբանները, ազգագրագէտները, թրքագէտներն ու լրագրողները գիտական մակարդակի վրայ նախանշեցին ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար ժամանակակից պայմաններու եւ միջազգային օրէնքներու նկատառումով հետագայ աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղութիւնները:
Գիտաժողովը քննարկման տարբեր առիթներուն յղում կատարեց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ծիծեռնակաբերդի մէջ հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրին եւ ընդգծեց յատկապէս իրաւական հարթութեան վրայ թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղուած այսօրուան առաջադրանքներուն մասին գիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնք ներկայացուեցան գիտաժողովին, պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
http://www.yerakouyn.com/?p=71918

Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով. հաղորդագրութիւն
•
Վերջին Յաւելումներ
- Երեւանի մէջ՝ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի 2րդ հատորի շնորհահանդէսը
- Թուրքիայի խորհրդարանում ուշադրություն է հրավիրվել հայկական եկեղեցու անմխիթար վիճակի վրա
- Փաշինեան համաձայնած է Թուրքիոյ անվարձահատոյց կերպով տրամադրել Արաքս գետի ջրային պաշարներու բացառիկ իրաւունքները



Leave a Reply