Թեհրանի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած է յուշարձան ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Իրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի փոխանցմամբ` յուշարձանը օծած է պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ¬-ն: Յուշարձանի օծումէն ետք պատրիարքը կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը կու գայ Ցեղասպանութեան ժառանգներուն եւս մէկ անգամ յիշեցնելու մեր արմատներու եւ անկէ բխող արժէքներու, ինքնութեան կառչելու եւ մեզի կտակած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը:
Պատրիարքը նշած է նաեւ, որ ապրիլ 12¬-ին Ֆրանչեսկօ Սրբազան քահանայապետի նախագահութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ:
http://www.yerakouyn.com/?p=70898

Թեհրանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան բացուած է
•
Վերջին Յաւելումներ
- Երեւանի մէջ՝ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի 2րդ հատորի շնորհահանդէսը
- Թուրքիայի խորհրդարանում ուշադրություն է հրավիրվել հայկական եկեղեցու անմխիթար վիճակի վրա
- Փաշինեան համաձայնած է Թուրքիոյ անվարձահատոյց կերպով տրամադրել Արաքս գետի ջրային պաշարներու բացառիկ իրաւունքները



Leave a Reply