ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա կը հետեւի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ հայակական կողմի նախապատրաստութիւններուն:
Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն՝ Չաւուշօղլու առաջ քաշած է թրքական քարոզչամեքենայի չարչրկուած միտքը այն մասին, թէ պատմութիւնը քաղաքականութեան խառնելը սխալ է, ու յիշեցուցած է, թէ տարիներ առաջ Էրտողան առաջարկած էր Հայաստանի նախագահին՝ համատեղ պատմական յանձնաժողով մը ստեղծել՝ «իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար», զոր, սակայն, հայկական կողմը մերժած էր:
Չաւուշօղլու մեղադրած է Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը՝ «երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնել»ու յանցանքով: Ան մասնաւորապէս դժգոհութիւն յայտնած է այն բանէն, որ ժամանակ առ ժամանակ, ներքին կամ միջազգային խորհրդարաններու մէջ կը քննուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը՝ փափաք յայտնելով, որ «այս խնդիրը պատմաբաններու յանձնուի»:
http://asbarez.com/arm/202391/

Թուրքիա կը հետեւի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պատրաստութեանց
•
Վերջին Յաւելումներ
- Փաշինյանը կարճ զրույց է ունեցել Թուրքիայի փոխնախագահի հետ
- ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունել է ԹՐԻՓՓ-ի ընկերության ստեղծմանն առնչվող օրենսդրական փաթեթը
- Գրիգոր Գելեգեանի մասին քննարկում



Leave a Reply