Տերսիմի եւ Տիապեքիրի մէջ յարձակում թրքական զինեալ ուժերուն դէմ

Տերսիմի եւ Տիապեքիրի մէջ յարձակումՄայիս 2-ին, Տերսիմ (Թունջելի) նահանգի ոստիկանական հրամանատարի ինքնաշարժին մօտ, ճանապարհորդութեան ընթացքին ճամբուն մօտ զետեղուած հեռակառավարուող ռումբ մը պայթած է։

Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ պայթումին հետևանքով Տերսիմի նահանգի ոստիկանական հրամանատար, գնդապետ Եուրդաքուլ Աքքուշի զրահապատ մեքենան վնասուած է, սակայն մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։

Ըստ CNN Turk-ի՝ արարքը կազմակերպած են Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները։

Թրքական ուղղաթիռներ կրակոցներու թիրախ

Միւս կողմէ, ըստ թրքական բանակի տեղեկատուական կեդրոնին, Ապրիլ 29-ին, թրքական բանակի զինուորական Ս-70 երկու ուղղաթիռներու վրայ ցամաքէն կրակ բացած են։

Դէպքը պատահած է Տիարպեքիր նահանգի Լիճէ շրջանին մօտ։

Նշենք, որ քրտաբնակ Լիճէ շրջանին մէջ վերջին օրերուն անհանգիստ իրավիճակ կը տիրէ, որ կապուած է տեղական գիւղերէն մէկուն մէջ ոստիկանատան մը շինարարութեան պատճառով, որուն դէմ են տեղացի քիւրտերը։

Ապրիլի 26-ին քիւրտ բնակիչները որպէս բողոքի նշան փակած են Տիարպեքիրէն Պինկէօլ (Բիւրակն) տանող մայրուղին։ Նոյն օրը, վերոնշեալ մայրուղիին վրայ, զինեալներու խումբ մը առևանգած են երկու թուրք ոստիկաններ։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, առեւանգողները Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) համախոհներ են։

Նշենք, որ ամիսներէ առաջ, PKK-ի եւ թրքական բանակի միջեւ գոյացած զինադադարի առաջին խախտումն են վերոնշեալ դէպքերը։ 

http://horizonweekly.ca/news/details/37622

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ