ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ուրբաթ, մարտ 7ին, Հրանդ Տինքի պանութեան կապակցութեամբ բանտարկուած եւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան գործակալ նկատուող Էրհան Թունճել դարձեալ ազատ արձակուեցաւ, երկիրի հակաահաբեկչական օրէնքներու վերջին փոփոխութեանց լոյսին տակ:
Յիշեցնենք, թէ ան Տինքի սպանութեան առաջին դատավարութենէն ետք ազատ արձակուած էր, սակայն երբ դատը վերաբացուցեաւ՝ զայն դարձեալ ձերբակալելու վճիռ արձակուեցաւ: Քանի մը շաբաթ պահուըտելէ ետք, Թունճել անցեալ հոկտեմբերին ձերբակալուեցաւ: Նոր դատավարութեան նիստերուն ընթացքին ան քանի մը առիթով պնդած էր, թէ ինք անմեղ է, եւ թէ ոստիկանութիւնը մեղսակից է Տինքի ոճիրին:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ, իսկ այժմ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու վերջերս պնդած է, թէ Թունճել հայկական ծագում ունի։ «Հալաճօղլու այս սպանդին մեղքն ալ կերպով մը հայերու ուսին բեռցուցած է», կ՛աւելցնէ «Մարմարա»:
Թունճել դարձեալ ազատ կ՛արձակուի
•
Վերջին Յաւելումներ
- Lույս է ընծայվել բացառիկ հրատարակություն՝ «Ատաբազարէն Տէր Զօր» անտիպ հուշագրությունը
- Միրզոյան․ հայ-թրքական ամբողջական կարգաւորումը «ցանկացած պահու» հնարաւոր է
- Ըստ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերն արժանի են գովեստի»



Leave a Reply