ՄԱԿի մօտ ԱՄՆի դեսպան նշանակուեցաւ ցեղասպանութեանց նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութիւնը քննադատողը

Սամանթա ՓաուըրՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա չորեքշաբթի, յունիս 5ին ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նշանակեց իր ամենամօտիկ խորհրդականներէն մէկը նկատուող Սամանթա Փաուըրը:

Օպամա այս նշանակումը կատարեց, երբ որոշեց ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայ դեսպանը՝ Սիւզըն Ռայսը, նշանակել Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական՝ փոխարինելով Թամ Տանիըլը:

Փաուըր 2002ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու նուիրուած իր գիրքին համար, որուն մէջ կը քննուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հակազդեցութիւնը ցեղասպանութեանց նկատմամբ: Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, թէ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ իշխանութիւնները աչք փակած են եւ պաշտօնատարներ որոշած են չմիջամտել: «Ամենատարածուած պատասխանը՝ «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր:

http://asbarez.com/arm/164222/

One response to “ՄԱԿի մօտ ԱՄՆի դեսպան նշանակուեցաւ ցեղասպանութեանց նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութիւնը քննադատողը”

  1. Mano Arman

    Kerin er hayerou paregame, hima al Samantan.
    Hedo intch?
    Dzapig dzapig dziranig …

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2013
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ