Դուք գացեր էք, Վանը մեզի կը պատկան

Յ. Պալեան

Իմաստուն եւ հեռանկարային քաղաքականութիւն հետապնդելու համար երբեմն պէտք է լսել ուրիշները` կարգախօսային առօրեայի աղմուկէն եւ իրարանցումէն պահ մը հեռանալով, չբաւարարուելով մեր լսածով եւ գիտցածով:

«Վանեցի» մը` քիւրտ ուսանողուհի, «այսօրուան վանեցին», առանց այլայլելու` ըսած է. «Վանը մեզի կը պատկանի, դուք ձգեցիք` գացիք»: Այսպէս է ներկայ իրականութիւնը: Նոր «վանեցին», Փարիզ, հայու մը հետ զրոյցի ընթացքին, երբ հայը յիշեցուցած է, որ Վանը հայկական քաղաք է, այդ պատմական անհերքելի իրողութիւն է, ըսած է` «դուք ձգեցիք` գացիք»: Եթէ չի գիտեր, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գացին հայերը, ո՞վ է պատասխանատու:

Մանրամասնութիւնները սորվելու պէտք չէ ունեցած քիւրտ ուսանողուհին, չեն սորվեցուցած, կարիքը չէ զգացուած: Ի՞նչ պայմաններու մէջ իրականացած է այդ «դուք ձգեցիք` գացիք»-ը, ինչպէս այլ պարագաներու ոմանք կ’ըսեն, «պատմութեան մանրուք է», մանաւանդ որ արդէն դար անցած է, հայու քաղաքին մէջ տուն-տեղ եղած են ուրիշներ: «Յիշեցում»-ն ալ վաղուց դադրած ենք ընելէ, նոյնիսկ` ներազգային ճակատի վրայ: Հայ ազգային քաղաքականութեան ալֆան եւ օմեկան խցկած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյամխիթարական զսպաշապիկին մէջ: Հայոց իրաւունքներու վերականգնումի քաղաքականութիւն չունինք, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), հետեւաբար մոռցած ենք «քրտական գործօն»-ը, թէեւ քիւրտերը, իրենք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար եղած ցոյցերուն մասնակցած են ոչ թէ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ծառայելու համար, այլ` օգտուելու համար հայկական գործօնէն, հակաթուրք քարոզչութեան համար ընծայուած առիթէն:

Ըստ քաղաքական կարգ մը շրջանակներու` քրտական պետութեան ստեղծումը ընթացքի մէջ է, քանի որ միջինարեւելեան խառնարանը առիթ պիտի ըլլայ նոր քարտէսագրութեան մը, որուն մասին կը խօսուէր եւ կը խօսուի, որուն համար պիտի միջամտեն նաւթային եւ ազդեցութեան գօտիներու շահեր: Նոյնիսկ կրնայ պատահիլ, որ Թուրքիան զիջումներ ընէ իրաքեան քարիւղը տեսնելու համար քրտական ազդեցութեան տակ, խորհելու, որ իրեն համար այդ աւելի նպաստաւոր կ’ըլլայ, քանի որ  քրտական պետութիւնը հասարակաց շահեր պիտի ունենայ իրեն հետ: Թէ այս պետութեան «սահմանները» ինչպէ՞ս պիտի գծուին, որոշ չէ, Մե՞ծ Քիւրտիստան մը, թէ՞ քրտական խիտ բնակչութեամբ շրջաններու միացում:

Բայց ինչ որ ալ պատահի, Քիւրտիստանը պիտի ստեղծուի առաւելաբար Արեւմտահայաստանի հողին վրայ, զոր արդէն շատեր, ներառեալ` ականաւոր հայեր, կը կոչեն «պատմական Հայաստան»: Իսկ անցեալին խոստումներ տուած եւ Սեւրի դաշնագիր ստորագրած բարոյականութենէ ճառող երկիրները տարրական խղճահարութիւն պիտի չունենա՞ն` անգիտանալով հայ ժողովուրդի իրաւունքները, խորտակուած նաւերու ովկիանոսի յատակը գտնուող գերեզմանոցը ղրկելով խոստում եւ իրաւունք: Լաւ կ’ըլլայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարութիւնը երբ կը հետապնդենք, խօսինք նաեւ այս մասին, այս մասին մեզ լսողներուն ա՛յս ալ ըսենք, ինչ-որ պատասխանատուութիւն ստանձնելու հրաւէր պիտի ըլլայ:

Բայց մի՞թէ աւելի իմաստուն, աւելի բարոյական եւ աւելի արդար չեն կրնար ըլլալ բարոյականութենէ եւ մարդկային իրաւունքներէ ճառողները:

Որպէսզի «նոր վանեցի»-ն, «նոր վանեցիներ» եւ յիշողութիւն ջնջող քաղաքակիրթ երկիրներ, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ, նաեւ` բախտակից ժողովուրդներ, որոնց շարքին են նաեւ քիւրտերը, չըսեն, թէ` «դուք ձգեցիք` գացիք», կամ մեր ինքնասիրութիւնը շոյող խօսքեր չըսեն, թէ` «ծագումով հայերը օրինակելի կերպով մերուած են», այլ հարց տան, թէ ինչո՞ւ «ձգեցին` գացին», կամ ինչո՞ւ «օրինակելի պիտի կերպով մերուէին»: Նման մակերեսայնութեամբ ո՛չ արդարութեան եւ ո՛չ ալ ճշմարտութեան կը ծառայենք, մենք եւ ուրիշներ:

Անցեալին գրած եւ խօսած եմ «քրտական գործօն»-ի մասին: Խօսած եւ գրած եմ նաեւ քիւրտերու, ասորիներու, կիպրացիներու եւ հայերու միացեալ ճակատ ստեղծելու մասին: Բացի երբեմն լսուող «շրթներու ծառայութենէ»` lip service, ուրիշ բան չի պատահիր: Առնուազն լուսաբանական հետեւողական աշխատանք պէտք է կատարել, որպէսզի քիւրտ ուսանողուհին գիտնայ, եւ իր սերնդակիցներու անտեղեակութեան հողին վրայ չզարգանայ նոր ազգայնամոլութիւն մը` հիմնուած ուրիշներու իրաւազրկման վրայ:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նոյնիսկ` Թուրքիոյ կողմէ, պիտի փոխէ՞ «նոր վանեցի» քիւրտ ուսանողուհիին կարծիքը, ըստ որուն` «դուք ձգեցիք` գացիք եւ Վանը մեզի կը պատկանի»: Անցեալին գրած էին, որ Կարսը «Քերս» է եւ քրտական քաղաք է:

Եթէ արդէն չենք ուշացած, եւ կամ չենք հրաժարած, իսկական առաջնահերթութիւններու մասին պիտի խօսի՞նք, եւ ըստ այնմ պիտի գործե՞նք:

Հարցում է:

Շաբաթ մը ետք օգոստոսի 10-ը պիտի ըլլայ…

Եթէ farniente-ի այս օրերուն օրացոյցին նայող գտնուի:

 3 օգոստոս 2012, ՆուազիԼըԿրան

http://www.aztagdaily.com/archives/78734

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ