ՊՈԼԻՍ.- Թրքական լրատուական աղբիւրներ երեքշաբթի` օգոստոս 7-ին, հաղորդեցին, թէ իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանի կոչ ըրած է Թուրքիոյ եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, որ զինադադար հաստատելով՝ վերջ տան Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ արդէն իսկ 15 օրերէ ի վեր շարունակուող զինեալ ծանր բախումներուն, որոնց հետեւանքով երկու կողմերը մեծաթիւ կորուստներ կրած են:
Պարզանի աւելցուցած է, թէ ժամանակը հասած է խաղաղ բանակցութիւններուն, որոնց համար երկու կողմներն ալ պէտք է գիտակցին, թէ հրադադար պէտք է յայտարարուի: «Բախումներն ու մահերը լարուածութիւնը աւելիով կը սրեն»,- ըսած է Պարզանի:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու օգոստոս 1-ին Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլ այցելելով՝ հանդիպում մը ունեցած էր Պարզանիի հետ` անոր աջակցութիւնը խնդրելով քիւրտ ապստամբներու դէմ պայքարին մէջ:
http://asbarez.com/arm/137962/




Leave a Reply